Սոչիի համագումարի աւարտին մասնակից երկիրները համատեղ յայտարարութեամբ հանդէս եկած են, ուր շեշտը դրած են Սուրիոյ ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ սուրիական հողերու միասնութեան վրայ, միաժամանակ կոչ ուղղելով շարունակել ահաբեկչութեան դէմ մղուող պայքարը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Մայատին» լրատուական կայքը:
Մասնակից երկիրները յայտարարած են նաեւ, որ յառաջիկայ նոյեմբեր ամսուայ ընթացքին Սուրիոյ ճգնաժամի շուրջ բարձր մակարդակի հանդիպում տեղի պիտի ունենայ, իսկ սահմանադրական յանձնաժողովի բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան սեպտեմբերին, Ժնեւի մէջ:
Յայտարարութեան մէջ կողմերը ընդհանուր սահմանում տուած են Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գաղափարին, որուն միջոցով պիտի ոչնչացուին «Իսլամական Պետութիւն», «Նուսրա», «Ալ Քահիտա» խմբաւորումները: