image
Հրատապ լուրեր:

Սփիւռքը Իր Խնդիրները Ինք Պիտի Լուծէ. Գէորգ Գալայճեան

Սփիւռքը Իր Խնդիրները Ինք Պիտի Լուծէ. Գէորգ Գալայճեան

Մելգոնեան  Կրթական Հաստատութեան  մասին հարցազրոյց`   1970 թուականի  Մելգոնեան  վարժարանի շրջանաւարտներէն  Գէորգ Գալայճեանին Հետ

 


«Հայկական դպրոցները եւ  հայապատկան կալուածները,  ուր որ ալ ըլլան, պէտք է պահպանուին եւ զարգանան, ատիկա մեր ժողովուրդին պահպանման եւ զարգացման  հիմնական ազդակն է»,-  «Արեւելք»ին  ըսաւ     Մելգոնեան  Կրթական Հաստատութեան շրջանաւարտներէն ՝ Գէորգ Գալայճեան:  Գալայճեան, որ     կը մասնակցի  Մելգոնեան  կրթարանի  վերաբացման համար սկիզբ առած արշաւին,    նաեւ յայտնեց, թէ այսօրուան   սերունդը չէ,  որ   միայն  պիտի օգտուի  Մելգոնեանէն,  այլ նաեւ` ապագայ սերունդները: Անոր  խօսքով  «Գործնական գետնի վրայ կարեւոր է,  որ Մելգոնեանի վերաբացման հիմնադրամը գրանցում ունենայ, որպէսզի  իրաւական  հիմքեր ունեցող  ծրագրի մը  մարմին ստանալուն պէս  կարելի ըլլայ ժողովուրդը իրազեկել այդ մասին»: Գալայճեան, որ ներկայիս կը բնակի  Նիւ Եորք  ըսաւ.  «Եթէ  աչալուրջ ծրագրեր  մշակուին,   կարելի կ'ըլլայ  համաժողովրդային դրամահաւաքներ  իրականացնել դպրոցին վերաբացումը   ապահովելու համար»: Ան նաեւ  հնարաւոր համարեց, որ  Հ.Բ.Ը.Մ.ը   իրենց   հետ   այդ խնդրի   շուրջ   սեղան նստի.  «Բայց  քանիոր գրանցում  մը չունինք,   այդ մասին պաշտօնական մարմիններուն հետ խօսիլը կը համարենք անիմաստ: Կարգ մը Մելգոնեանցիներ   Բարեգործականին դիմած են կամ բաց նամակ ուղղած, բայց պատասխան չեն ստացած, հետեւաբար  մենք  շատ աւելի  զգոյշ ենք»,- բացատրեց ան: «Մելգոնեանի  հարցով ես շատ մեծ ակնկալութիւն չունիմ Հայաստանի իշխանութիւններէն եւ ընդհանրապէս այն գաղափարին եմ, որ սփիւռքը իր խնդիրները ինք պիտի լուծէ, եւ  պէտք չէ Հայաստանը   յաւելեալ բեռերու  տակ դնէ»,- ըսաւ մեր խօսակիցը,  յարմար նկատելով, որ Հայաստան եւ Սփիւռք  յաւելեալ գործակցութեան եզրեր  մշակեն յատկապէս հայերէն լեզուի ուսուցիչներու պատրաստութեան եւ արեւմտահայերէն լեզուի   պահպանման եւ զարգացման ծիրերէն ներս:

  «Մեր այս գաղափարները ընդհանրապէս դասարանակիցներուն հետ բաժնած ենք, որովհետեւ  նոյն մտահոգութիւնները ունինք»,- յայտնեց Գալայճեան`  նկատել  տալով, որ իրենց  յայտարարելիք   միութեան   պաշտօնական գրանցումը  պիտի ըլլայ  թէ' Հայաստանի, թէ'  Ամերիկայի մէջ:  «Կան կարողութիւն ունեցող մարդիկ, ես այդ ուղղութեամբ չեմ աշխատած, կը կարծեմ որ կանուխ է այդ մասին խօսիլ եւ  մեր ներկայի հարցը գրանցումը եւ պաշտօնականացումն է»,- ըսաւ  մեր խօսակիցը նկատել տալով, թէ  Հայաստանի մէջ գրանցումին  յաջորդ հանգրուանը    յատկացուած պիտի ըլլայ  Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի թեքում ունեցող  դպրոցի բացման ծրագրի  իրականացմամբ եւ «Մելգոնեանցիներու  տուն» մը  ստեղծելով: «Եթէ պէտք ըլլայ երկրորդ Մելգոնեան մը    պէտք է բանալ»,- մանրամասնեց ան: Խօսելով Կիպրոսի  Մելգոնեան   կրթական հաստատութեան  շէնքի  այսօր պարզած իրավիճակին մասին`     Գալայճեան ըսաւ. «Մելգոնեանի շէնքը շատ վատ վիճակի մէջ է, մատենադարանի մէջ գիրքերը կը փճանան...  այս բոլորը  ցուցանիշներ են, որ սփիւռքի մարմինը հիւանդ  է եւ պէտք է լրջօրէն  դարմաններ գտնել այս հարցերուն»:  Մեր խօսակիցին կարծիքով   «Ազգը նոր հանգրուանէ    մը կ'անցնի, թէ քաղաքական եւ  թէ ներքին պատճառներով  լուրջ փնտռտուքի մէջ է  եւ այս բոլոր առումներով կրթական համակարգի   վերանայումը մեր բոլորին համար  կարեւորագոյն  օրակարգը պէտք է ըլլայ»,- եզրակացուց  Գէորգ Գալայճեան: