image

Լաթաքիա.Մահացած է տօքթ. Ռաֆֆի Գալայճեանը

Լաթաքիա.Մահացած է տօքթ. Ռաֆֆի Գալայճեանը

 Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքած է ատամնաբոյժ՝ տօքթ.Ռաֆֆի Գալայճեան։

 

 Այ մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

Նշենք, որ իր նախնական կրթութիւնը՝ ծննդավայր Լաթաքիոյ մէջեւ ապա մեկնած Հայաստան ուսանելով բժշկական համալսարանին մէջ եւ վկայուելով, որպէս ատամնաբոյժ։

 

 Վերադառնալով իր ծննդավայրը ան հիմնած է իր սեփական դարմանատունը ու ապաորոշ ժամանակով մը մեկնած Քուէյթ ու աշխատած, որպէս ատամնաբոյժ։

 

Լաթաքիոյ հայկական համայնքին մէջ յարգուած անուն հանդիսացող տօքթ. Ռաֆֆին եղած է աշխոյժ անդամներէն մին ՀԲԸՄ -ին եւ որպէս կազմակերպիչքանի մը առիթներով ստանձնած է Միութեան ատենապետի պաշտօնը։

 

 Հեւքով լեցուն առօրեային պատճառով եւ անմնացորդ նուիրումով պահած է իր ընտանիքը յաճախ մոռնալով իր սեփական առողջութիւնը, որուն պատճառով ալ անցուցած է սրտի ծանր կաթուածեւ չդիմանալով կաթուածի բարդութիւններուն աւանդած է իր հոգին։

 

 Հանգուցեալըամուսնացած էր Փիա Երանոսեանին հետ եւ հայր էր երկու դուստրերու, եւ անոր վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը կատարուած է Լաթաքիոյ Ազգային գերեզմանատան մէջ։

 

 Այս տխուր առթիւ «Արեւելք» կը ցաւակցի հանգուցեալի հարազատներուն եւ մասնաւորապէսթերթիս բարեկամներէն Դամասկահայ գործիչ՝ Սարգիս Պռունսուզեանին։