Շուէտի ներքին գործերու նախարար Անտէրս Եկէման Հինգշաբթի օր յայտարարած է, որ Շուէտ կը պատրաստուի արտաքսել շուրջ 80.000 սուրիացի փախստականներ, որոնք 2015թ.ին ժամանած են Շուէտ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Սապահ»ը, նշելով, թէ Եկէման յայտնած է, որ իր գնահատմամբ անցեալ տարի Շուէտ ապաստան գտած ընդհանուր 163,000 փախստականներէն 60-80 հազարը պիտի վտարուին, կամ ինքնակամ հեռանան եւ կամ բռնի տեղահանուին:
Թերթը կը նշէ նաեւ, որ կառավարութիւնը մտավախութիւն ունի, որ փախստականներէն շատերը ինքզինք թաքցնեու դիմեն, հետեւաբար ոստիկանութիւնը աշխուժուժացուցած է իր աշխատանքները այդ ուղղութեամբ: Այս կապակցութեամբ, վարչապետ Ստեփան Լոֆւէն փախստականներու իրավիճակէն ելլելով, խոստացած է աւելի մեծ միջոցներ տրամադրել ոստիկանութեան, ծաւալուած աշխատանքներու հետ կապուած:
Աղբիւրը համաձայն, Շուէտը փոխած է իր անցեալ տարուայ վարած բաց դռներու քաղաքականութիւնը՝ գաղթականներու կապակցութեամբ եւ խստացուցած է սահմանային ստուգումները, փակելու համար անոնց դէպի երկիր հոսքը: