«Արեւելք»ի տեղեկութիւններով Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան այսօր հանդիպում պիտի ունենայ հայաստանաբնակ սուրիահայերուն հետ: Հանդիպումը պիտի կայացուի Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Տաճարին մէջ: Սրբազան հայրը պիտի խօսի Սուրիոյ եւ Հալէպի այսօրուան ընդհանուր իրավիճակին մասին: Մեր ունեցած տուեալներով Սրբազանը իր խօսքէն ետք պիտի ընդունի այն հայորդիները, որոնք կը փափաքին լուսաբանական հարցեր ուղղել: Նշենք, որ այս առաջին անգամը չէ, որ Բերիոյ թեմի բարեջան առաջնորդը նման հանդիպում մը կ'ունենայ հայաստանաբնակ սուրիահայերուն հետ: