14 յունիսին, Պրիւքսելի մէջ կայանալիք ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս, ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն պիտի հանդիպի Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ: Սպիտակ տունը հաղորդած է, որ հանդիպման ընթացքին երկու երկիրներու ղեկավարները պիտի քննարկեն տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հարցեր:
Հանդիպումը տեղի կ'ունենայ երկու երկիրներու միջեւ լարուածութեան ֆոնին: Էրտողան կը պնդէր, որ ԱՄՆ-ի նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ետք աւելի շուտ զրոյց կայանար Պայտընի հետ: Սակայն երկու առաջնորդներու առաջին հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է 23 ապրիլին 23-ին, որու ընթացքին Պայտըն յայտարարեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչելու իր մտադրութեան մասին, ինչ որ ան ըրաւ Ապրիլ 24-ին՝ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը: