image

Սեւան Նշանեան «Յուսախաբ եմ Թուրքիոյ ընտրութիւններէն»

Սեւան Նշանեան «Յուսախաբ եմ Թուրքիոյ  ընտրութիւններէն»

Պոլսահայ այլախոհ մտաւորական, Սեւան Նշանեանը մեկնաբանած է  Թուրքիոյ մէջ կայացած արտահերթ խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւնները։


«Անցած ըլլայ, կը սպասեմ ձեզ Սամոսի մէջ», - գրած է Նշանեանը  դիմատետրի իր էջին՝ յայտնելով իր հիասթափութիւնը։

Հայ մտաւորականն ընդգծած է, որ աւելի մեծ սպասումներ ունէր յատկապէս քրտամէտ HDP կուսակցութենէն։


Ինչ կը վերաբերի երկրի գլխաւոր ընդդիմադիր ուժը համարուող «Ժողովրդա-հանրապետական» (CHP) կուսակցութեան, ըստ Նշանեանի՝ անոնք երբեւէ չեն բարգաւաճիր ու ձեռք բերածէն աւելիին չեն հասնիր, իսկ նախորդ ընտրութիւններու համեմատ գրանցած փոքր աճի համար անոնք պարտական են առաջադրուած նախագահի թեկնածու Մուհարրեմ Ինճէին  եւ ուշագրաւ նախընտրական քարոզչութեան։

Յիշեցնենք, որ նախօրէին տեղի ունեցած ընտրութիւններու նախնական տուեալներով՝ Էրտողանը ստացած էր ձայներու 52,6%  առ  հարիւրը  եւ դարձած  էր նախագահ։