image

Սեւան Նշանեան Դարձեալ Ծանր Պայմաններու Տակ

Սեւան Նշանեան Դարձեալ   Ծանր Պայմաններու Տակ

Թուրքիոյ  մէջ 11 տարիով  բանտարկուած Սեւան Նշանեան  դարձեալ յայտնուած է ծանր պայմաններու   տակ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ   Անգարայի իր  աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ  նշեց, որ Նշանեան  ներկայիս   փոխադրուած է փակ   բանտ մը, եւ անոր  դէմ առկայ է  ծանր  հսկողութիւն:  Ըստ  մեր տեղեկութիւններուն, Նշանեան հանդէպ  բանտային փակ րէժիմի կիրառելը կապ  ունի   անկարգապահութեան մը հետ, բայց այդ առումով  յաւելեալ  յստակ տեղեկութիւններ չկան:    Իր կարգին Սեւան Նշանեանի փաստաբան  Մուրատ Աքչը, նեղ շրջանակներու մօտ խօսելով խնդրին, մասին յայտնած է, թէ  Սեւանի  վիճակը  բաւական դժուար է, եւ ինք կարեւոր ճիգեր պիտի գործադրէ  դատական ատեանին մօտ     խնդրին վերանայումը ապահովելու համար:   Փաստաբանը մտահոգութիւն յայտնած է, թէ  նոր բանտի դրութեան մէջ Նշանեան լուրջ դժուարութիւններ կրնայ ունենալ իր ակադեմական աշխատանքները    շարունակելու առումով: Ինչպէս նախօրոք   յայտնած էինք՝ Նշանեան   բանտի ճաղերու ետին ձեռնարկած է նոր  ուսումնասիրութիւններու, որոնց    ամէնէն   հիմնականը  թրքերէն   նոր բառարանի մը կազմութիւնն է:  Հայ լեզուաբանը       Թուրքիոյ մէջ այսօր կը համարուի ամէնէն ունակ թրքագէտներէն մին: