Հայազգի Սեւակ Պալըքճիի սպաննութեան դատավարութիւնը դարձեալ յետաձգուած է: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք հայազգի նահատակին մօտիկ պարագաներէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ թրքական բանակին մէջ սպաննուած հայ զինուորին դատը, որ տեղի պիտի ունենար 26 Փետրուարին յետաձգուած է եւ պիտի կայացուի յառաջիկայ 6 Ապրիլին: Յառաջիկայ դատական նիստը պիտի կայացուի դարձեալ Տիարպէքիրի օդային ուժերու դատարանին մէջ եւ կը սպասուի, որ բանակի յիսնապետ Օքթայ Էօզտէմիր իր վկայութիւնը տայ եւ տեսախցիկներով առնուած նիւթերը ներկայացնէ դատախազին: Յիշեցնենք, որ Պալըքճի սպաննուած էր 24 Ապրիլ 2011-ին, երբ իր հետ ծառայութեան մէջ եղող Քվանչ Աղաօղլու կրակ բացած ու սպաննած էր զինք: Կարճ ժամանակով բանտը մնացած Քվանչ Աղաօղլու աւելի ուշ դատարանին որոշումով ազատ արձակուած էր՝ հիմք ունենալով այն վարկածը, թէ Պալըքճին սպաննուած է ոչ թէ միտումնաւոր կերպով, այլ՝ արկածի հետեւանքով: