image

ՍԴՀԿ-ն Պիտի Մասնակցի Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն

ՍԴՀԿ-ն    Պիտի Մասնակցի  Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն

 Սոցիալ  Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի  յառաջիկային տեղի  ունենալիք  Հայաստանի  Ազգային  Ժողովի  ընտրութիւններուն: Այս մասին «Արարատ Թի. Վի.»ին  յայտնած է  կուսակցութեան  Հայաստանի մարմնի  ատենապետ Նարեկ Գալստեան: Գալստեան նաեւ  ըսած է, որ  ներկայիս   տակաւին պարզ չէ, թէ ինչ  ձեւաչափի տակ  պիտի ըլլայ կուսակցութեան մասնակցութիւնը   2017-ի  ընտրութիւններուն, բայց եւ այնպէս    կուսակցութիւնը բոլոր մակարդականերու  վրայ  կը պատրաստուի    այդ  կարեւոր  օրակարգին:  Գալստեան նաեւ  անդրադարձած է Հայաստանի  քաղաքական կեանքին մէջ   ընթացող        փոփոխութիւններուն,  նկատել տալով, որ «Գոսմէթիք  փոփոխութիւնները դժուար թէ  բարելաւեն Հայաստանի   քաղաքացիին    կեանքը»: Ան      նոյնպէս նկատել տուած է, թէ   այս հանգրուանին Հայաստանի համար կարեւոր է իրականացնել   համակարգային փոփոխութիւններ: Ըստ Գալստեանի   իրենց համար ներկայ հանգրուանին      ամէնէն  առաջնային օրակարգերէն մէկն է   կուսակցութեան մարզային կառոյցներուն  աշխուժացումը: