Թուրքիոյ ընդդմիադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) համանախագահ Սալահէլտին Տէմիրթաշ շաբաթ օր բանտին մէջ սրտի անհանգստութիւն ունեցած է: Թրքական «Birgün» թերթի կայքի տեղեկացմամբ՝ այս մասին «Twitter»-ի էջին յայտնած է քրտամէտ կուսակցութեան մամլոյ խոսնակ Աիհան Պիլկէնը: Ան, նշելով, որ լուրջ մտահոգութիւններ ունին Տէմիրթաշի առողջական վիճակի առնչութեամբ գրած է. «Չնայած հաշուետուութիւններ կան, որ Տէմիրթաշը նախկինում նոյնպէս սրտի խնդիրներ է ունեցել, նա զրկուած է անհրաժեշտ բժշկական ծառայութիւնից: Դիմելու ենք Բժշկական միութեանը՝ Տեմիրթաշի բժշկական զննութիւնը հիւանդանոցում անկողմնակալ բժիշկների վերահսկողութեամբ կատարելու համար»:
Նշենք, որ 4 նոյեմբերին Տէմիրթաշ, 10 այլ HDP-ականներու հետ ձերբակալուած էր, PKK խմբաւորման հետ կապ մը ունենալու նախնական մեղադրանքով: Իր կարգին Տէմիրթաշ Twitter-եան գրառում մը ընելով գրած էր, թէ իրեն ձերբակալած են՝ խուզարկելէ ետք Տիարպէքիրի իր բնակարանը: