Ղարաբաղեան սահմանին իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ նոյն լարուածութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Աղբիւրը կը նշէ, որ հակառակորդ կողմը հայկական դիրքերու ուղղութեամբ կը շարունակէ արձակել վաթսուն, ութսուներկու եւ հարիւր քսան տրամաչափով հրթիռներ: Հայկական պաշտպանական զօրքերը հարկ եղած միջոցներով լռութեան կը մատնեն թշնամիի կրակակէտերը: