image
Հրատապ լուրեր:

Սահմանին Ազրպէյճանական կողմը 1100 կրակոց արձակած է

Սահմանին Ազրպէյճանական կողմը 1100 կրակոց արձակած է

Անցած գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է 50 անգամ:

ԱՀ  ՊՆ մամլոյ ծառայութեան տեղեկացմամբ, այդ ընթացքին, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1100 կրակոց:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէ եւ շարունակած են իրականացնել մարտական դիրքերու պահպանութիւնը: