Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ 11 դեկտեմբերին մարտական հերթապահութեան ժամանակ ականապայթիւնային վնասուածք ստացած է շարքային Արթուր Գարիկի Դանիէլեանը (1998-ի ծնունդ):
Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան: Այժմ զինծառայողը կը գտնուի Բերդի հիւնադանոցին մէջ, վիճակը կայուն ծանր է: