image

Ռուսիա սկսած է աստիճանաբար նուազեցնել Սուրիոյ մէջ գտնուող իր զօրքերու քանակը. Ռուսիոյ ԶՈՒ

Ռուսիա սկսած է աստիճանաբար նուազեցնել Սուրիոյ մէջ գտնուող իր զօրքերու քանակը. Ռուսիոյ ԶՈՒ

Այսօր, 6 յունուարին Ռուսիոյ Զինուած Ուժերու շտաբի հրամանատարը յայտարարած է, որ «Ռուսիա սկսած է աստիճանաբար նուազեցնել Սուրիոյ մէջ գտնուող իր զօրքերու քանակը»: Այս մասին «Հայ Ձայն»-ի տեղեկացմամբ, կը հաղորդէ «Interfax» լրատուական գործակալութիւնը:

Այս առթիւ Ռուսիոյ  Դաշնութեան Զինուած Ուժերու շտաբի հրամանատար Վալերի Կերասիմով յայտնած է, որ «ըստ երկրի Զինուած Ուժերու գլխաւոր հրամանատար Վլատիմիր Փութինի որոշման, Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պիտի սկսի աստիճանաբար նուազեցնել Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ տարածուած ռուսական զօրքերու քանակը»:

Նշուած է, որ Միջերկրական ծովու ափին գործողութիւններ կատարով «Ատմիրալ Քոզնիցով» օդանաւակիրը Սուրիան լքող ռուսական զինուժի  առաջին խումբը պիտի հանդիսանայ: