Ռուսաստանի մէջ 26 դեկտեմբերին համազգային սուգ Է Սեւ ծովու մէջ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան Տու-154 ինքնաթիռի աղէտի զոհերու յիշատակին: Ողբերգութեան հետեւաքով զոհուած Է 92 մարդ, կը տեղեկացնԷ «Արմէնբրէս»-ը:
ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ստորագրած հրամանագրին համապատասխան՝ երկրի ամողջ տարածքին խոնարհուած են պետական դրօշները, իսկ մշակութային հիմնարկութիւնները եւ հեռուստառատիոընկերութիւնները չեղեալ յայտարարած են նախատօնական ժամանցային միջոցառումներն ու հաղորդումները: Սգոյ օրը հեռուստաալիքները եթերէն կը հանեն նաեւ գովազդը: