image

Ռուսաստան- Իրան կապը ամուր է. Al Monitor

Ռուսաստան- Իրան կապը ամուր է. Al Monitor

Ամերիկեան «Al Monitor» կայքը անդրադարձած է Թրամբ-Փութին հանդիպումէն ետք տարածուած այն խօսակցութիւններուն, թէ Ռուսիա պիտի երաշխաւորէ իրանեան ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու գործընթացը:

Կայքը կարծիք յայտնած է, որ Սուրիոյ մօտ Ռուսիոյ նախագահի պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւի եւ իրանեան ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի գլխաւոր ղեկավար Սաիտ Իրվանիի միջեւ անցնող չորեքշաբթի օր կայացած երկու ժամեայ հանդիպումը կեդրոնացած էր Սուրիոյ ճգնաժամին վրայ:

Կայքը փոխանցած է Իրվանիի յայտարարութիւնն այն մասին, թէ ահաբեկչութեան դէմ համատեղ պայքարի հարցին շուրջ Ռուսիոյ մօտ տրամադրուածութեան փոփոխութիւն չէ նկատուած, այլ շեշտած է, որ Իրանի հետ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի, մինչեւ Սուրիոյ խաղաղութեան ու անվտանգութեան հաստատումը:

Կայքին համոզմամբ, հակառակ տարածուող լուրերուն եւ կարծիքներուն, Ռուսիա պիտի շարունակէ աջակցիլ իրանեան ուժերուն եւ երբեք պիտի չենթարկուի ամերիկեան կամ իսրայէլեան պահանջներուն: