image

Ռուսական Կործանիչին Օդաչուն Սպաննողը Ազատութեան Մէջ Է.Մտահոգութիւն Յայտնած է Ռուս Դիւանագէտը

Ռուսական Կործանիչին Օդաչուն Սպաննողը Ազատութեան Մէջ Է.Մտահոգութիւն Յայտնած է  Ռուս Դիւանագէտը

Թուրքիա- («Հուրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»,«Արեւելք»)-Անգարայի Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլովը ըսած է, որ  անցեալ տարի Թուրքիոյ կողմէ վարբերուած ռուսական օդանաւի օդաչուի ենթադրեալ սպաննողը ազատ կը թափառի Թուրքիոյ մէջ: Այս մասին կը գրէ «Հուրրիյէթ», նշելով, որ  Ռուսաստանը կոչ կ'ուղղէ  Թուրքիոյ իշխանութիւններուն անոր ձերբակալութեան անհրաժեշտ գործողութիւնները ձեռնարկել:«Տուեալ անձը (Ալփասլան Չելիք) երեւան կու գայ հեռուստաալիքներով, յայտարարութիւններ կ'ընէ  եւ  ազատօրէն կը շրջի, սակայն Անգարա տակաւին ոչինչ կը ձեռնարկէ ձերբակալելու այս Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան (MHP) կողմնակից եղողը», ըսած է Քառլով իր յայտարարութեան մէջ: Ան նաեւ նշած է, որ Մուսկուա բազմիցս դիմած է Անգարային, որպէսզի ձերբակալէ Չէլիքը:«Մենք Թուրքիոյ պաշտօնական ներողութիւն խնդրելը կը սպսաենք, ինչպէս նաեւ պատժել ոճրագործներուն եւ փոխհատուցել մեր պետութեան հասցուած վնասը» աւելցուցած է ան:Ինչպէս նախապէս «Արեւելք» փոխանցած էր, ռուսական օդանաւի վարբերումէն ետք Ռուսիոյ կողմէ պահանջուած թուրք Ալփասլան Չէլիքը յայտնուած է Պոլսոյ մէջ թաղման  մը արարողութեան ժամանակ, որու ընթացքին տեսաերիզի միջոցաւ հանդէս գալով, արդարացուցած էր ռուս օդաչու Օլէկ Փէշքովի սպաննութիւնը՝ ըսելով, որ «վրէժխնդրութիւնը իր ամենաբնական իրաւունքն էր»:Կը նշուի, որ Չէլիքը որդին է  Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան (MHP) կողմէ ընտրուած նախկին թաղապետի մը: