image

Ռուս ոստիկանական ուժեր սուրիացի զինուորականներ ձերբակալած են

Ռուս ոստիկանական ուժեր սուրիացի զինուորականներ ձերբակալած են

Ռուսիոյ ոստիկանական ուժերը խումբ մը սուրիացի զինուորականներ ձերբակալած է, մեղադրելով զանոնք Հարաւային Դամասկոսի մէջ կողոպուտ իրականացնելու մէջ:

Դէպքին առնչութեամբ, ընկերային կայքերու օգտատէրեր լուսանկարներ տարածած են, ուր պատկերուած են ռուս ոստիկաններ, որոնք խուզարկութեան կ'ենթարկեն գետինը պառկած սուրիացի զինուորականներ:

Փոխանցուած լուրերուն համաձայն, յիշեալ զինուորականները երկու բեռնատարներ վարձած են, որոնցմէ մէկուն մէջ ելեկտրական գործիքներ էին, իսկ երկրորդին մէջ՝ երկաթ եւ ալիւմին:

Նշուած դէպքը թեր ու դէմ կարծիքներու ալիք բարձրացուցած է, երկու խումբի բաժնելով ընկերային ցանցերու արաբ օգտատէրերը: