Վերաքննիչ քրէական դատարանի որոշմամբ Ռոպերթ Քոչարեանը ազատ արձակելու համար 2 միլիառ դրամի չափով սահմանուած գրաւը վճարուած է։ Այժմ ան ազատութեան մէջ է: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Քոչարեանի պաշտպանական խումբը։
«19 Յունիսին աշխատանքային օրուան աւարտին գումարը փոխանցուած է Վերաքննիչ քրէական դատարանի հաշիւին։ Օրէնքով սահմանուած եւ բժշկական համապատասխան գործընթացներէն ետք Ռոպերթ Քոչարեանը «Իզմիրլեան» ԲԿ-էն վերադարձած է տուն»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։