10 փետրուարին Թուրքիա, Ռուսաստանի Դաշնութիւն, ԱՄՆ, Փաքիստան, Մեծն Բրիտանիա եւ Չինաստան, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ երկիրներ Փաքիստանի մէջ պիտի մասնակցին «Aman-2017» ռազմածովային համատեղ զօրավարժութիւններուն։ «Sputniknews» լրատուամիջոցի թրքական ծառայութիւնը, յղում ընելով ռուսական ռազմական աղբիւրներուն, կը նշէ, որ զօրավարժութիւնը պիտի իրականացուի Կարաչի քաղաք-նաւահանգստի մէջ, ուր կը գտնուի Փաքիստանի ռազմածովային ուժերու համար նախատեսուած ռազմապազան:
Ռուսաստանը զօրավարժութեան ընթացքին պիտի օգտագործէ «Североморск» հակասուզանաւային ռազմանաւ:
Աղբիւրը չի նշեր, թէ ինչ ռազմանաւերով զօրավարժութեան պիտի ներկայանայ Թուրքիան:
Աւելի վաղ տեղեկութիւն կար, որ նշեալ զօրավաժութեան պիտի մասնակցի 8 երկիր: