Սուրիա- Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին մէջ մինչեւ այս պահը կ'ապրին 5-6 հայ ընտանիքներ, որոնք բնիկներ են եւ կը կոչուին հայ-քիւրտեր: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ ներկայիս Ռաքքա բնակող հայրենակիցէ մը: Մեր աղբիւրը նշեց, որ տարբեր շրջաններէ Ռաքքա հասնող տասնեակ հայեր կան, որոնք «Իսլամական Պետութեան» գլխաւոր կեդրոնատեղին կու գան աշխատելու նպատակով: Ան նաեւ նշեց, որ Ռաքքա հասնող հայերը կը զբաղին ինքնաշարժներու եւ սարքերու վերանորոգչական աշխատանքներով: Աղբիւրը կը նշէ, որ ISIS-ի կողմէ որոշ նիւթական հարկ սահմանուած է, եւ այն հայ ընտանիքները, որոնք կը շարունակեն Ռաքքա մնալ ամսական վճարումներ կը կատարեն «Իսլամական Պետութեան» զինեալներուն: Գալով քաղաքին մէջ դրամական շրջանառութեան խնդրին` աղբիւրը նշեց, որ քաղաքին մէջ «Իսլամական Պետութիւն»ը արգիլած է սուրիական թղթադրամի օգտագործումը եւ ներկայիս կը շրջանառուի թրքական լիրան եւ ամերիկեան տոլարը: Աղբիւրը նշեց, որ քաղաքի միակ հայկական «Սուրբ Աստուածածին» եկեղեցիին մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ, որովհետեւ մեր հայրենակիցները կը խուսափին այդ շրջանը այցելել կամ հարցնել այդ շրջանի ընդհանուր իրավիճակի մասին: Քաղաքին մէջ կը տիրէ նաեւ ընդհանուր վախի մթնոլորտ մը հակառակ անոր, որ դրամահարկի մուծումը կ'օգնէ, որ անոնք համեմատաբար ապահով զգան: Ռաքքայի մէջ ելեքդրականութեան եւ ջուրի խնդիրներ չկան եւ քաղաքը նոյնպէս կ'օգտուի Թուրքիայէն եկող համացանցի գիծով մը: Ինչ կը վերաբերի այն հայերուն, որոնք լքած են Ռաքքան, անոնց հեռացումէն մի քանի օր ետք «Իսլամական պետութիւն»ը անոնց տան դրան իրեն յատուկ պիտակ կը դնէ եւ աւելի ուշ տունը կը գրաւէ ու քիչ չեն այն բնակարանները, որոնք այսօր կը գտնուին ահաբեկիչներու տիրապետութեան տակ: Գալով վերջին օրերու զարգացումներուն` մեր աղբիւրը յայտնեց, թէ ռուսական օդուժը ծանր հարուածներ տուած է ահաբեկիչներու դիրքերուն դէմ եւ անոնք ունին տասնեակ թիւով մեռեալներ: Նշենք, որ Ռաքքան կը նկատուի «Իսլամական Պետութեան» գլխաւոր կեդրոնատեղին: