image

Քուէյթցի նախկին պատգամաւորը 42 տարուան ազատազրկման դատապարտուած է

Քուէյթցի նախկին պատգամաւորը 42 տարուան ազատազրկման դատապարտուած է

Քուէյթի վերաքննիչ դատարանը 10 տարուան ազատազրկման դատապարտած է նախկին պատգամաւոր Ապտուլհամիտ Տաշթին, այսպիսով անոր ընդհանուր պատժաչափը հասցնելով 42 տարուան եւ 6 ամսուան, կը հաղորդէ «Ֆրանսբրէս» գործակալութիւնը:

Նշուած է, որ վերջին վճիռը արձակուած է այն բանէն ետք, երբ նախկին քաղաքական գործիչը յայտարարութիւններ կատարած էր, զորս դատարանը համարած է Քուէյթի էմիրին, Սէուտական Արաբիոյ եւ Պահրէյնի դէմ վարկաբեկիչ յայտարարութիւններ:

Նախկին պատգամաւորն իր թուիթըրեան էջին հետեւեալ գրառումը կատարած է. «Կարելի՞ է արդեօք, որ 42 տարուան եւ 6 ամսուան ազատազրկման դատապարտուիմ միայն այն բանին համար, որ կարծիք արտայայտած եմ: Ինչպիսի՜ ժողովրդավարութեան մասին կը խօսիք»:

Տաշթի, որ Սուրիոյ եւ Իրանի համակիր կը նկատուի, 2013 թուականին պատգամաւոր ընտրուած էր, այնուհետեւ 2016 թուականի Մարտին հեռացած է երկրէն՝ բուժում ստանալու նպատակով եւ այլեւս չէ վերադարձած: