Ցաւօք սրտի, Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը կը շարունակէ մնալ կառավարութեան թիւ մէկ օրակարգային խնդիրը, կառավարութեան նիստի ժամանակ ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
«Պէտք է արձանագրել, որ մեր ռազմավարութիւնը հետեւեալն է. անընդհատ խստացնել եւ ապահովել հակահամաճարակային կանոններու պահպանումը, եւ այդ կը դիտենք որպէս «Քորոնա» ժահրի վարակի թիւերու անկման հիմնական միջոց: Այսօրուան մեր 100 տոկոսանոց կարգապահութիւնը իր յստակ թիւերով պիտի արտայայտուի ամենաշուտը մէկ շաբաթ ետք: Այսինքն՝ այսօր կը տեսնենք մեր՝ մէկ շաբաթ առաջուան կարգապահութեան մակարդակը:
Դարձեալ կ'ուզեմ մեր քաղաքացիներուն կոչ ընել պահելու հակահամաճարակային կանոնները՝ կրել դիմակ, ախտահանել ձեռքերը եւ պահպանել ընկերային հեռաւորութիւն: Վարակման դէպքերու 95 տոկոսը կամ դիմակ չկրելու, կամ ընկերային հեռաւորութիւն չպահպանելու, կամ ալ ձեռքերը չախտահանելու հետեւանք է», - նշած է վարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեանը նաեւ շեշտած է՝ բազմաթիւ պարագաներու վարակի տարածման պատճառը յուղարկաւորութիւններու կամ ընդյատակեայ հարսանիքներու ժամանակ հակահամաճարակային կաոնները չպահպանելն է:
«Անհրաժեշտութեան պարագային պէտք է կիրառուին պատժիչ գործողութիւններ, բայց մենք կը հաւատանք, որ դրական շարժը ազգաբնակչութեան հետ մեր երկխօսութեան հետեւանք է», - ըսած է Փաշինեանը: