image

«Քորոնա»ի Տագնապ. Թուրքիոյ մէջ զոհերուն թիւը հասաւ 1518-ի

«Քորոնա»ի Տագնապ. Թուրքիոյ մէջ զոհերուն թիւը հասաւ 1518-ի

Թուրքիոյ մէջ վերջին մէկ օրուան ընթացքին կատարուած է «Քորոնա» ժահրի 34 090 քննութիւն, գրանցուած է վարակման 4281 նոր դէպք: Այս մասին կը տեղեկացնէ NTV հեռուստաընկերութեան կայքը` յղում տալով երկրի առողջապահութեան նախարարութեան:

Օրուայ ընթացքին Թուրքիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրէն մահացած է 115 մարդ, առողջացած` 875-ը:

Այսպիսով, Թուրքիոյ մէջ համավարակի սկիզբէն եղած քննութիւններու թիւը կազմած է 477 716, գրանցուած է վարակման 69 392 դէպք, մահուան դէպքերու թիւը հասած է 1518-ի: Վարակուածներէն  5674-ն առողջացած է եւ դուրս գրուած է հիւանդանոցներէն:

Աշխարհի մէջ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի համավարակի հետեւանքով զոհերու թիւը գերազանցած է 130 000-ը՝ հասնելով 134 632-ի, գրանցուած է վարակման 2 083 607 դէպք, ապաքինուած է 510 666 մարդ։ Այս մասին կը վկայեն worldometers առցանց թարմացուող կայքի տուեալները։