Օրերս սքանտալային յայտատարութիւն մը կատարելով Ֆրանսացի յայտնի բժիշկ Լիւք Մոնթինէն նկատել տուած է, որ «Քորոնա» վարակը տարածուած է, ոչ թէ Ուհան քաղաքի մէկ շուկայէն, այլ այն «դուրս փախած է» նոյն քաղաքի տարրալուծարանէն։ Ան այս առումով մասնաւորապէս ըսած է, «Կը բացառեմ որ համաճարակը սկսած է կենդանիներու շուկայէն, այլ սպրդած է չինական տարրալուծարանէ...»
Ֆրանսացի բժիշկը, որ նաեւ ոլորտի մէջ Նոպէլեան մրցանակակիր է եւ ախտամերժութեան անբաւարարութեան համախտանիշ՝ AIDS-ը յայտնաբերող գիտնական, «CNEWS» կայքին մէջ հրապարակած յայտարարութեան մը մէջ, ըսած է թէ ամենայն հաւանականութեամբ նոր տեսակի COVID 19 «Քորոնա» ժահրը, դուրս սպրդած է չինական տարրալուծարանէ մը, բացառելով որ Ուուհան քաղաքի անասուններու շուկան կրնայ ըլլալ ժահրի ծննդավայրը, կասկածի ենթարկելով մէկ միլիառանոց երկրի վարկածը:
Ան նաեւ ըսած է, որ 2000 թուականէն ի վեր, Ուուհան քաղաքի տարրալուծարանը կ'ուսումնասիրէ «Քորոնա» ընտանիքին պատկանող ժահրեր, հետեւաբար գիտնականները անպայման արդէն մասնագէտներ դարձած են այդ ոլորտին մէջ:
Մոնթինիէ նշած է, թէ իր ընկերոջ՝ ուսողութեան մասնագէտ ՝ Ժան Քլոտ Բերեզի հետ միասին, ուսումնասիրած են այս համաշխարհային համաճարակի մանրամասնութիւնները.- «Մենք առաջինները չէինք, որ այս ըրինք, հնդիկ հետազօտողներ եւս փորձեցին հրապարակել ուսումնասիրութիւն մը, որ կ'որոշէ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի ժառանգական ծինային նիւթը «Ճենոմ»ը, ուր կը յայտնաբերուի հերթականութիւն մը այլ ժահրէ, որ (AIDS) հիւանդութեան պատասխանատու՝ HIVի ժահրն է»:
Ի դէպ Չինաստանին դէմ մեղադրական ոճով եղած սոյն յայտարարութիւնները անպատասխան չեն մնացած, եւ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Չաօ Լի Ճիան, ըսած է, թէ «Չինաստանի կառավարութիւնը երբեք արտօնութիւն չի տար գաղտնի պահելու այս տեսակի տեղեկութիւներ», յաւելելով, որ «Բոլոր երկիրները պէտք է միանան համաճարակին դէմ պայքարելու յաղթելու համար պատերազմը COVID 19-ի դէմ»: Նշենք, որ հինգշաբթի օր, Ֆրանսայի նախագահ՝ Մաքրոն «Ֆայնանշըլ Թայմզ» -ին հետ զրոյցի ժամանակ, ըսած էր, թէ.- «միամտութիւն» է ըսել, որ Չինաստանի ճգնաժամի կառավարումը աւելի լաւ էր քան արեւմտեան երկիրներու կառավարումը:
Այս յայտարարութիւնները կու գան ի պատասխան կարգ մը երկիրներու եւ ի մասնաւորի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մեղադրանքներուն թէ Չինաստանը պէտք եղած ձեւով թափանցիկ չէր ժահրի կապակցութեամբ, մանաւանդ իր սկզբնական շրջանին, ինչ որ աւելի մեծ պատճառ եղաւ համաճարակը տարածուելու աշխարհով մէկ:
Աւելի վաղ, Ուհան քաղաքի քաղաքապետարանը յայտարարած էր, որ վերանայելէ ետք զոհերու թիւերը, հաստատուած է յաւելեալ 1300 մահուան դէպք:
Նիւթը, յապաւումներով ՝ «Ալ Արապիյա»էն