Երէկ ընկերային ցանցերու վրայ երեւցած տեսանիւթի մը մէջ Թուրքիոյ բանակին հետ կռուող Սուրիոյ «Ազատ բանակ»ի զինեալներ պղծած են քրտուհի զինեալի մը դին: Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Ալ Հայաթ»ը նշելով, որ քտուհին կը կրէ Պարին Քոպանի անունը, որ կը նշանակէ Քոպանիի աղաղակ»ը: Տեսանիւթին տարածումէն ետք բողոքի ալիք բարձրացած է ընկերային ցանցերու վրայ դատապարտելով եղածը: Գրառումներ կատարողները նաեւ յայտարարած են, որ եղածը դէմ է իսլամական ըմբռնումներուն: Իր կարգին Աֆրինի քրտական «կանանց խմբաւորման» ղեկավար Ամատ Քինտալ, որ խօսած է Sky News կայանին նկատել տուած է, որ այս դէպքը ոչ մէկ կերպ պիտի թուլացնէ զիրենք եւ անոնք պատրաստ են մինչեւ վերջ պայքարելու թուրքերուն դէմ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ 23 տարեկան Պարին անդամ էր PYD-ին եւ ան մասնակցած է ՏԱՀԷՇ-ի դէմ մշուած բազմաթիւ մարտերու: