image

Քիւրտերը դարձեալ առանձին

Քիւրտերը  դարձեալ  առանձին

Պատահական չէ, որ այս անգամ ալ քիւրտերը մնացին առանձին: Խօսքը յատկապէս Սուրիոյ քիւրտերուն մասին է, որոնք վերջին մէկ տարուան ընթացքին դարձան  Ամերիկայի կարեւորագոյն խաղաքարտը:

 Զինուեցան, ստացան արդիական զէնքեր, Հալէպի ծայրամասերուն «խուսանաւումներ» կատարեցին եւ նոյնիսկ Սուրիոյ բանակին դէմ կռուեցան: 

Մտածեցին, որ տեսէք ահա Սուրիան կը փլուզուի ու յարմար առիթ է, որ մենք երկար տարիներու մեր փայփայած երազը ոտքի հանենք ու կերտենք մեր երազած  երկիրը: Անգամ խօսեցան «Ռոճովա» անունով «երկիր» մը կերտելու մասին ու Թուրքիոյ հետ սահմանային քաղաքներուն մէջ ստեղծեցին ինքնավար շրջաններ: Այս ամբողջ ընթացքին դարձան Ամերիկայի վստահելի գործընկերները ու երբ «Տահէշ»ի եւ անոր քոյր-եղբայրներուն բոլոր խաղաքարտերը այրեցան, այս  անգամ ալ քիւրտերուն տրուեցաւ Ամերիկեան խաղը խաղալու հնարաւորութիւնը:

Ինչ էր ուզուածը անոնցմէ, կամ ինչ հաշիւներով էր, որ Ամերիկեան բանակի բարձրաստիճան սպաներ «քրտական շրջաններ» հասնելով մարզեցին մի քանի անուններով հրապարակ ելած քրտական խմբաւորումները:

Այս բոլորը անշուշտ կը կատարուէին մէկ կողմէ ռուսական լռութեան քօղին տակ եւ միւս կողմէ էլ Անգարայի ղեկավարութեան ու յատկապէս ՌէՃէպ Էրտողանի «ջղագար» ելոյթներուն հետ համընթաց:

Սուրիոյ մէջ ընթացող պայքարին մէջ, բացի զինուորական տուեալներէն ու գետնի վրայ  ընթացող դէպքերէն, բացայայտ է, որ քիւրտերը այսօր կը հանդիսանան նաւթի զօրութիւն ունեցող խաղաքարտ:

Խօսքը անոնց ունենալիք կարեւոր դերի մասին է՝ Թուրքիոյ մէջ սպասուած քաաքական զարգացումներուն ու նաեւ «նաւթ» Ռուս-ամերիկեան ու հետեւաբար նաեւ Սուրիոյ տագնապին համար տեղի ունենալիք Սոչի- Ժընեւ քաղաքական մրցավազքին:

Ու պատահական ալ չէ երբեք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը  իր երէկ հրապարակած յայտարարութեան մէջ կոչ կ'ուղղէր Սուրիոյ քիւրտերուն ներկայ ըլլալ այս  ամսուան աւարտին Սոչիի  մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւններուն:

 

Մարտադաշտին վրայ  կռիւ,  եւ փակ սրահներուն մէջ  դիւանագիտութիւն:

Այսպէս է կանոնը ու այս առումներով ալ յառաջիկայ օրերուն յստակ պիտի դառնայ, թէ ճարպկօրէն Մոսկուայի եւ Թեհրանի համաձայնութիւնը «կորզած» Անգարան, ինչ խորութեամբ եւ մակարդակի պիտի շարունակէ իր «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը:

Մտավախութիւնն այն  է, որ Աֆրինի եւ անոր շրջակայ շրջաններուն մէջ մեծ  արիւնահոսութիւն կը կատարուի ու այս անգամ ալ Թուրքիա «թուրի ուժով» իր հին  հաշիւները կը մաքրէ քիւրտերուն  հետ:

Թուրք- քրտական ատելութիւնը նոր չէ, նոր չէ նաեւ քիւրտերուն Թուրքիոյ եւ թուրքերուն դէմ «սրբազան պատերազմ» մը  տանելու մօտեցումը: Սակայն երեւելին այն է, որ սեղանին տակ եղած մեծ խաղին մէջ այս անգամ ալ քիւրտերը պարտուած դուրս  պիտի գան:

Պարզ յիշեցում մը ընելու կարգով պէտք է անպայման մեր աչքին առջեւ ունենալ Իրաքի քիւրտիստանի մէջ եղած  դէպքերը, որոնց տողատակի իմաստը ունի մէկ բովանդակութիւն, որ կ'ըսէ, «ոչ մէկ հայրենիք քիւրտերուն»:

  Արեւելք