image

Քէրի կը քննադատէ Իսրայէլի կառավարութեան վերաբնակեցման ծրագիրները

Քէրի կը քննադատէ Իսրայէլի կառավարութեան վերաբնակեցման ծրագիրները

Ուաշինկթընի լրաբերը կը հաղորդէ, որ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քէրին քննադատութեան ենթարկած է Իսրայէլի կողմէ պաղեստինեան հողերուն վրայ տուներ կառուցելու եւ վերաբնակեցման քաղաքականութիւնը:

Աղբիւրի հաղորդմամբ, Քէրի նաեւ նշած է, որ Իսրայէլ չի կրնար համաձայնութեան հասնիլ արաբական աշխարհին հետ, եթէ իր կապերը չլաւացնէ Պաղեստինի հետ: 

Իսրայէլեան «Հաարէց» թերթը իր հերթին կը յայտնէ, որ Իսրայէլի վարած քաղաքականութեան նկատմամբ Քէրիի կողմէ նման քննադատութիւն մը իր նախադէպը չէր ունեցած: