Քեսապի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ եւ հրաւէրով, չորեքշաբթի 2 մարտ 2016-ին, համայնքիս Մեծ հայրերը ու Մեծ մայրերը տօնեցին «Միջինքը»:Կէսօրուայ ժամը 12:30-ին նախ այցելեցին Գարատուրանի «Գեղեցիկ» ուխտատեղին, միասնաբար աղօթեցին Սուրիոյ խաղաղութեան համար եւ կատարեցին մոմավառութիւն, որմէ ետք ուղղուեցան դէպի «Ճաշարան Ճորճ»: Բարի գալուստի խօսքին մէջ Հայր Նարեկը ըսաւ.«Այս տարի ուզեցինք Միջինքը տօնել Ձեզի հետ, որպէսզի արտայայտենք մեր սէրը, յարգանքը եւ երախտագիտութիւնը:Դուք մեր եկեղեցւոյ, ձեր օճախներուն եւ ամբողջ Քեսապ գիւղին օրհնութիւնն էք: Աստուած Ձեզի պարգեւէ երկար, առողջ եւ խաղաղ տարիներ»: Ապա իւրաքանչիւրին բաժնուեցաւ Ս. Վարդարանը, իսկ օրուայ բախտաւորներն էին Պապուկ՝ Աւետիս Պապուճեանը եւ Մեծ Մայրիկ՝ Սիւզան Քիլաղպեանը, անոնց նուիրուեցան Աստուածամօր սրբանկարները: Միջինքը ճոխացուցին Քեսապի թաղապետ՝ եղբայր Սեպուհ Գիւրքճեանը, Եղբայր Սեւակ Պետուրեանը եւ եղբայր Վաչէ Ճղըլեանը: Անոնք իրենց նուագախումբով եւ իրենց գեղեցիկ երգեցողութեամբ խանդավառեցին մթնոլորտը, ներկաները միասնաբար երգեցին, պարեցին ու ծափահարեցին: Խորին շնորհակալութիւն Աստուծոյ այս անմոռանալի եւ ուրախ օրուան համար, վարձքը կատար բոլորին: Օրհնաբեր «Միջինք» եւ ամէն տարի աւելի լաւ, երջանիկ եւ խաղաղ օրեր: Կեցցէ՛ սիրուն Քեսապը եւ քեսապցիները: