Քաթարն ու աւելի քան 3,5 տարի անոր հետ կապերը խզած արաբական երկիրները, այդ շարքին՝ Սէուտական Արաբիան, մօտ են տարակարծութեան կարգաւորման, յայտարարած է Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարխան Ալ Սէուտը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»ն:
«Մենք գրանցեր ենք զգալի առաջընթաց վերջին օրերուն Քուէյթի ջանքերու եւ նախագահ Թրամբի ու ամերիկեան վարչակազմի լուրջ աջակցութեան շնորհիւ կողմերու դիրքորոշումները համաձայնեցնելու ուղղութեամբ: Մենք յոյս ունինք, որ այդ առաջընթացը կ'աւարտի որոշակի համաձայնագրի ստորագրմամբ: Ես դրական տրամադրուած եմ, որ մենք մօտ ենք տարակարծութիւն ունեցող բոլոր երկիրներու միջեւ համաձայնութեան հասնելուն՝ բոլոր կողներու շահերէն բխող պայմանաւորուածութիւններ ձեռքբերելու համար»,-նշած է նախարարը:
Աւելի վաղ Պարսից ծոցի երկիրներու միջեւ միջնորդի դեր ստանձնած Քուէյթը յայտարարած էր, որ տարակարծութիւն ունեցող բոլոր երկրները կը ձգտին կայունացնել իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ: Քուէյթի ԱԳՆ-ն շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ նախագահի աւագ խորհրդականին եւ անոր փեսայ Ճարետ Քուշներին, որ ներկայիս կ'աւարտէ իր այցը տարածաշրջանին մէջ, ճգնաժամի լուծմանն ուղղուած ջանքերուն համար: