image

Քասսամի փաղանգները տարածուած են Կազայի փողոցներուն մէջ. Ինչո՞ւ

Քասսամի փաղանգները տարածուած են Կազայի փողոցներուն մէջ. Ինչո՞ւ

Համաս շարժումի զինեալ թեւը` Իզէտտին Քասսամ փաղանգները, կիրակի 25 մարտին Կազայի փողոցներուն մէջ պաշտպանական զօրավարժութիւններ սկսած են: Այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը, նշելով, որ վարժութիւնները պիտի տեւեն 24 ժամ:

Փաղանգները յայտարարած են, որ զօրավարժութիւնները կ'իրականացուին «Կայունութեան եւ մարտահրաւէրի վարժութիւններ» խորագրին տակ, եւ անոնք նախապէս ծրագրուած վարժութիւններ են, որոնց ընթացքին պիտի լսուին կրակոցներու եւ պայթումներու ձայներ, ինչպէս նաեւ ռազմական մեքենաներու եւ ուժերու աշխոյժ շարժ պիտի նկատուի: