image

«Քարլովի սպանութիւնը պիտի տկարացնէ Անգարայի դերը Սուրիոյ հարցին շուրջ». վերլուծաբաններ

«Քարլովի սպանութիւնը պիտի տկարացնէ Անգարայի դերը Սուրիոյ հարցին շուրջ». վերլուծաբաններ

Արաբ եւ թուրք քաղաքական վերլուծաբաններն այն կարծիքի են, որ Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանի սպանութիւնը պիտի չազդէ ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ, սակայն պիտի տկարացնէ Անգարայի դերը Սուրիոյ հարցին շուրջ, մանաւանդ, որ դէպքը տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի Արտաքին Գործոց նախարարներու հանդիպումէն ընդամէնը ժամեր առաջ, կը գրէ «Ալ Քուտս» լրատուական կայքը:

Վերլուծաբաններու կարծիքով, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող շարք մը ահաբեկչական գործողութիւններն ու մահափորձերը նպատակ ունին Թուրքիան զբաղեցնել իր ներքին խնդիրներով եւ զինք շեղել Սուրիոյ խնդիրներուն միջամուխ ըլլալէ:

Թուրք վերլուծաբան Պաքիր Աթաճան ըսած է. «Նման դէպքեր բնականաբար բացասական ազդեցութիւն կ'ունենան երկու պետութիւններու փոխյարաբերութիւններուն վրայ, սակայն ճիշտ այս օրերուն եւ այսպիսի ծանր պայմաններու մէջ կատարուիլը առաւել պիտի ամրապնդէ ռուս-թրքական յարաբերութիւնները, մանաւանդ՝ ահաբեկչութեան դէմ մղուող պայքարի ծիրին մէջ»:

Նշենք, որ հակառակ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան, երեքշաբթի, 20 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ կայացաւ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի Արտաքին Գործոց նախարարներու հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ ճգնաժամին լուծում գտնելու միջոցները,  նաեւ ընդլայնելու Մոսկուա-Անգարա համագործակցութիւնը, որուն նպատակն է խաղաղ քաղաքացիները հեռացնել Հալէպի Արեւելեան թաղամասերէն: