Անցնող 28 Մարտին, լրացաւ 34-րդ տարելիցը «Պուրճ Համուտի սպանդ»ին` որուն զոհ գացին հինգ անձեր, եւ որուն երեք մասնակիցները ձերբակալուեցան լիբանանեան ոստիկանութեան կողմէ, դատապարտուեցան մահուան, եւ սակայն մինչ այդ յաջողեցան փախուստի դիմել բանտէն եւ ինչպէս աւելի վաղ գրած էինք, յանցագործներէն երկուքը օրեր առաջ ձերբակալուած էին։
Աւազակային յարձակումը
1985-ի մարտ 28-ին, Լիբանանի հայաշատ Պուրճ Համուտ քաղաքին մէջ, գոհարեղէնի և ոսկերչական իրերու առքուվաճառքի «Middle East Diamond» ընկերութեան կեդրոնական գրասենեակը ենթարկուեցաւ զինուած աւազակային յարձակման, որուն ընթացքին յարձակման մասնակիցները սպանեցին այնտեղ գտնուող բոլոր հինգ անձերը եւ կողոպտելէ ետք մօտ 20 միլիոն լիբ. ոսկիի արժողութեան ոսկեղէն եւ թանկարժէք քարեր , դիմեցին փախուստի:
Խմբային այս ոճիրին զոհերն էին յարձակման ենթարկուած ընկերութեան տէրն ու տնօրէնը՝ Հրանդ Քիւրքճեան (60 տարեկան, լիբանանեան ոսկերչական շրջանակներուն մէջ ծանօթ «Լուլու Հրանդ» անունով), եւ չորս պաշտօնեաներ՝ Հանի Զամմար (28 տարեկան), Մարիա Հաննա Մըխայէլ (32 տարեկան), Խաթուն Թէքէեան (27 տարեկան) եւ Աւետիս Պօյաճեան (60 տարեկան):
Ոստիկանութիւնը սպանուածներուն արնաշաղախ դիակները յայտնաբերեց ոճիրի վայրին մէջ: Ոճիրը մեծապէս ցնցեց լիբանանեան պետական շրջանակներն ու հանրութիւնը եւ մամուլին կողմէ ստացաւ «Պուրճ Համուտի սպանդ» անուանումը: Անիկա համարուեցաւ մինչ այդ «Լիբանանի պատմութեան մէջ ամենամեծ եւ ամենավայրագ աւազակային յարձակումը»:
Ոճրագործները եւ անոնց ձերբակալութիւնը
Յարուցուած քրէական գործի շրջանակներուն մէջ կատարուած քննչական գործողութիւններու արդիւնքով, որուն մասնակցեցան լիբանանեան իրաւապահ գրեթէ բոլոր ծառայութիւններու աշխատակիցներ, նոյն թուականի Ապրիլի 12-ին Պէյրութի Զոքաք էլ Պլաթ թաղամասին մէջ նախ յայտնաբերուեցան եւ ձերբակալուեցան յարձակման մէջ կասկածուող երկու անձեր՝ Ռաֆֆի Ասատուր Նահապետեան (25 տարեկան) եւ Փանոս Ասատուր Նահապետեան (27 տարեկան): Ձերբակալման պահուն կասկածեալներուն մօտ յայտնաբերուեցաւ Հրանդ Քիւրքճեանի հաստատութեան պատկանող գոհարեղէն եւ ոսկեղէն՝ 3172 կրամ 18 քարաթանոց ոսկի, 495 կրամ ադամանդ / 2400 քարաթ/, 3244 ամ. տոլար եւ թանկարժէք քարեր՝ մօտ 700 հազար տոլար արժողութեամբ: Յափշտակուած իրերուն ընդհանուր արժէքր օրին կը կազմէր մօտ 20 միլիոն լիբանանեան ոսկի, օրուան համարժէքը՝ 232, 558 ամերիկեան տոլար: Ձերբակալուածները խոստովանեցան, որ գողօնը ծրարներու մէջ կը տեղաւորէին՝ եւրոպական երկիր մը փախչելու եւ այնտեղ վաճառելու նպատակով:
Ապրիլի 17-ին Կիպրոսի մէջ ձերբակալուեցաւ յարձակման մէջ կասկածուող երրորդ անձը՝ Հրաչ Ասատուր Նահապետեան, որ կիպրական իշխանութիւններուն կողմէ արտայանձնուեցաւ լիբանանեան իրաւապահ մարմիններուն:
Ռաֆֆի Նահապետեան, Փանոս Նահապետեան, Հրաչ Նահապետեան
Ոճիրին քննութիւնը
Աւազակային յարձակման երեք մասնակիցները՝ Ռաֆֆի, Փանոս եւ Հրաչ Նահապետեանները եղբայրներ են: Անոնք առեւտրական յարաբերութիւններու մէջ էին թիրախ դարձած հաստատութեան տնօրէնին՝ Հրանդ Քիւրքճեանի հետ, որուն պատուէրով կը կատարէին ոսկերչական աշխատանքներ իրենց սեփական արհեստանոցին մէջ: Քննչական գործողութիւններով ձեռք բերուած իրեղէն փաստերը, ականատեսներու վկայութիւնները եւ ինչպէս նախաքննութեան ընթացքին, նոյնպէս եւ դատարանին մէջ մեղադրեալներու խոստովանական ցուցմունքները հաստատեցին, որ Ռաֆֆի, Փանոս եւ Հրաչ Նահապետեանները աւազակային յարձակումը կատարած են շահադիտական նպատակներով, այն է՝ տիրանալ հաստատութեան մէջ գտնուող նիւթական հարստութիւններուն: Անոնք տուին խոստովանական ցուցմունք այն մասին, որ յաջողած էին անարգել եւ դիւրութեամբ մուտք գործել թիրախ ընտրուած հաստատութիւն, շահագործելով այն հանգամանքը, որ գործի բերումով բազմիցս գտնուած են այնտեղ, հետեւաբար՝ իրենց մուտքը նախապէս որեւէ ձեւով կասկածելի չէ համարուած դուռը բացող պաշտօնէային կողմէ: Անոնք ցուցմունք տուին այն մասին, որ սպաննած են հաստատութեան մէջ գտնուող բոլոր անձերը՝ ծածկելու համար իրենց հետքը, որովհետեւ բոլոր սպանուածները ծանօթ էին իրենց, հետեւաբար, որեւէ մէկուն ողջ մնալու պարագային, իրենց ինքնութիւնը պիտի բացայայտուէր: Հրաչ Նահապետեան տուաւ ցուցմունք այն մասին, որ բոլոր հինգ անձերը ինք սպանած է ատրճանակով, որուն ամրացուած էր խլացուցիչ:
Ոճրագործներուն փախուստը
Նախքան խմբային այս ոճիրի քննութեան աւարտը, մեղադրեալներ Ռաֆֆի, Փանոս եւ Հրաչ Նահապետեանները 1987-ին, ցարդ անյայտ մնացող պայմաններու մէջ, յաջողեցան փախուստ տալ Լիբանանի Ռումիէ բանտէն, ուր կը պահուէին քննութեան ամբողջ ընթացքին: Անոնք մինչ այսօր չեն յայտանաբերուած եւ կը գտնուին միջազգային հետախուզման մէջ:
Վճիռը
Լիբանանեան դատարանը 10 Դեկտեմբեր 1994-ին Ռաֆֆի, Փանոս եւ Հրաչ Նահապետեանները ի բացակայութեան դատապարտեց ծանրագոյն պատիժի՝ մահուան, եւ ապա, հիմնուելով Ընդհանուր ներման թիւ 84/91 օրէնքին վրայ, պատիժները փոխեց ցմահ բանտարկութեան՝ տաժանակիր աշխատանքով: