image

Մասեացոտի Թեմի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Եկեղեցին. (Պատմական ակնարկ)

Մասեացոտի   Թեմի  Սուրբ  Յովհաննէս  Մկրտիչ Եկեղեցին. (Պատմական  ակնարկ)

Հայաստանեայց Առաքելական  Եկեղեցւոյ նորակազմ Մասեացոտնի Թեմի էջէն կը  կարդանք՝ թէ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին կը գտնուի Մասեացոտնի Թեմի, Արարատի մարզի Արտաշատի տարածաշրջանի Մխչեան գիւղին մէջ։

Ըստ պահպանուած արձանագրութեան եւ ազգային արխիւի տուեալներուն՝ Մխչեան գիւղի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին կառուցուած է 1852-ին, գործած է մինչեւ 1930-ական թուականները, որմէ ետք, ինչպէս շատ եկեղեցիներ, վերածուած է պահեստանոցի։

1980-ական թուականներուն, եկեղեցին սկսած է գործել։ 2008-ին գիւղի այցելու հովիւին՝ Տէր Ղազար քահանայ Պետրոսեանի եւ քանի մը հաւատացեալներու նախաձեռնութեամբ կատարուած է դրամահաւաք՝ եկեղեցին վերանորոգելու համար։ 2010-ին եկեղեցւոյ հիմնական վերանորոգման աշխատանքները աւարտին հասած են տեղաբնակ Արգամ Աբրահամեանի կողմէ։ Եկեղեցին վերանորոգուած է դուրսէն եւ ներսէն, տարածքը կանաչապատուած է եւ ցանկապատուած, կառուցուած է փոքրիկ զանգակատուն եւ Սուրբ Սեղան։

Եկեղեցին ունի արեւմտեան, հիւսիսային եւ հարաւային դռներ։

Եկեղեցւոյ արեւմտեան կողմը կանգնեցուած է խաչքար՝ որպէս հոգեւոր զարթօնքի խորհրդանիշ։

Եկեղեցւոյ նաւակատիքի արարողութիւնը կատարուած է 2012-ի 13 ապրիլին, Արարատեան Հայրապետական թեմի Առաջնորդական փոխանորդ՝ Տէր Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանի կողմէ, օծուած են խաչը, դռները, սիւները, մկրտութեան աւազանը եւ Սուրբ Սեղանը։ Եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 2012-ի 14 ապրիլին, Սուրբ Յովհաննէս Մկրտչի գլխատման յիշատակութեան օրը։