image

«Պոսթան Փաշա»ի մէջ տեղակայուած զինեալներուն մեծ տոկոսը թրքական արմատներ ունէին. Անդրանիկ Աճէմեան

«Պոսթան Փաշա»ի մէջ տեղակայուած զինեալներուն մեծ տոկոսը թրքական արմատներ ունէին. Անդրանիկ Աճէմեան

«Արեւելք»ի  հարցումներուն կը   պատասխանէ   վերջին տարիներուն   Երեւան  հաստատուած  եւ առեւտրական հաստատութիւն հիմնած  Անդրանիկ Աճէմեանը։


-Դուք   այն  քիչերէն  էք, որոնց  հարազատները պատերազմի  ամէնէն ծանր օրերուն չլքեցին Հալէպը:  Ոչ միայն  չհեռացան Հալէպէն, այլ շարունակեցին իրենց աշխատանքները (առեւտուր): Ինչ էր պատճառը  այս մօտեցումին:

Հալէպը չլքելու պատճառներէն մէկը այն է, որ նախ Հալէպը մեր ծննդավայրն է, մեր հայրենիքն է, երկրորդ՝ մենք համոզուած չէինք, որ Հալէպի պէս գաղութ մը, որ Սփիւռքի ամէնէն զօրաւոր համայնքներէն մէկն էր, այսպէս պարպուէր: Արդէն Թուրքիոյ ուզած բանն էր, որ հայկական սփիւռքի ամէնէն զօրաւոր գաղութը տկարանայ, ջլատուի, եւ այս մէկը սոսկ խօսքեր չեն, այլ փաստ է, նկատի ունենալով, որ «Պոսթան փաշա»ի մէջ կեդրոնացած զինեալները բոլորը  թուրքեր էին եւ մասնաւոր հայկական թաղամասերը կը ռմբակոծէին, նպատակ ունենալով  մեր հայկական գաղութը պարպել Սուրիայէն: Մենք՝ հայկական թաղամասերը պաշտպանող տղաքս,  մինչեւ վերջին օրերը Սուրիոյ բանակին կողքին պաշտպանեցինք մեր թաղամասերը եւ տակաւին Հալէպ գտնուող տղաքը կը շարունակեն այդ գործը:


-Ինչ որ հինաւորումներ ունի՞ք, որ «Պոսթան Փաշա»ի զինեալները ազգութեամբ թուրքեր էին, հաւաստի՞ են ձեր այս տուեալները:

«Պոսթան Փաշա»ի զինեալներու թուրք կամ թրքամէն ըլլալու մասին շատ խօսուած է։  Կը խօսուի նոյնիսկ, որ Սուրիոյ պետական  զօրքը  յաջողած է   հոն գտնուած ահաբեկիչ զինեալներ ձերբակալել ու զանոնք հարցաքննել։ Աւելի ուշ  ալ պարզուած է, որ ձերբակալեալներէն շատեր թրքական ծագում ունին։ Ըսեմ նաեւ, որ «Պոսթան Փաշա»ի մէջ երկու խմբաւորումներ կային, մէկը «Հարաքէթ Նուր Ալ-Տին Զընքի»ն էր, իսկ միւսը՝ «Հըզպ Ալ-Թուրքիսթանի»։ Այս երկու  խմբաւորումներուն մաս կազմող զինեալները Հալէպի թուրքմէններն էին, իսկ «Հըզըպ Թուրքիսթանի» կոչուած խումբին մեծաւորները նոյնիսկ թուրք էին:

Բացի այդ, անոնց թուրք ըլլալու հիմնաւորումներէն մէկը նաեւ այն է, որ երեք տարի առաջ, երբ ես Հալէպ էի, Ապրիլ 24-ի օրը միայն Նոր Գիւղի ուղղութեամբ մօտ 120-130 հրասանդ արձակեցին, այդ օրը աւելի յստակ դարձաւ, թէ  ինչ է իրենց նպատակը, ինչո՞ւ Ապրիլ 24-ի օրով, մանաւանդ Նոր Գիւղի վրայ այդ ռմբակոծութիւնը ըրին:


-Արդէն տարի ու կէս  կ'ընէ,  որ Հալէպը  կ'ապրի խաղաղութեան մէջ: Ու պարզ է, որ  քաղաքը  մտած է  վերականգնումի շրջան մը, ի՞նչ  կրնաք  ըսել այդ մասին:

Այո, վստահ որ պիտի վերականգնուի Հալէպը, ուրախ ենք  եւ նաեւ յոյսով ենք, որ Սուրիոյ միւս քաղաքներուն մէջ եւս արիւնահոսութիւնը կը դադրի եւ բոլոր քաղաքները կը վերականգնուին:


-Բոլորս քաջ գիտենք, որ հալէպահայութիւնը ծանր վնասներու ենթարկուեցաւ: Մասնաւորապէս ճարտարարուեստի կեդրոն համարուող շրջաններուն   մէջ գործարաններ եւ հաստատութիւններ ունեցող (Շէյխ Նաճճար, եւ այլ  շրջաններ)    մեր  հայրենակիցները ծանրագոյն վնասներ կրեցին: Ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիս այդ շրջաններու ընդհանուր վիճակին մասին:

Հալէպի շրջաններուն մասին իմ ունեցած տեղեկութիւններուս համաձայն կրնամ ըսել, որ «Շէյխ Նաճճար»ի 80 տոկոսը կանգուն է, բայց գործարանները, խանութները մեծաւ   մասամբ   քանդուած եւ կողոպտուած են։ Իսկ  ինչ կը վերաբերի «Պոսթան Փաշա»ին՝ 80 տոկոսը քանդուած է։  Մենք երբ որ Նոր Գիւղի տանիքներէն կը նայէինք, կը տեսնէինք այդ մէկը, այդ մեծ քանդումը, շէնքերը լրիւ փուլ եկած են եւ ներկայիս չեմ գիտեր պետութիւնը այդ շրջանին մէջ վերականգնումի աշխատանք սկսած է, թէ՝ ոչ:


-Գիտենք որ դուք երեք տարիէ ի վեր Երեւան կը գտնուիք եւ միայն վերջերս ձեր անձնական գործը հիմնեցիք,  ինչո՞վ պայմանաւորուած էր այս շրջանին այդ քայլին ձեռնարկելը, արդեօք Հայաստանի մէջ «թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք տիրող նոր լաւատեսական մթնոլորտը իր ազդեցութիւնը ունեցա՞ւ ձեր այս քայլին վրայ:

Այո, մենք մեր խանութը նոր բացինք Երեւանի մէջ, 20-25 օր առաջ, ասի մեր Հալէպի գործն է, ինքնաշարժի վերաբերեալ ապրանքներու, գործիքներու վաճառք եւայլն: Վերջին դէպքերուն հետ մասնաւոր կապ մը չունէր խանութ բանալը, պարզապէս  հիմա այդ որոշումը առինք:  Սուրիահայու մը համար շատ դժուար է Հայաստանի մէջ անձնական խանութ բանալը, որովհետեւ առաջին հերթին տան գրանցում կը պահանջուի, իսկ այստեղ սուրիահայերու 90 տոկոսը տուն չունին եւ տանտէրները իրենց տան վրայ չեն ուզեր գրանցել, ասի ամէնէն հիմնական հարցն է, որմէ ետք այլ թղթապանական հարցեր կան, որոնց մենք ծանօթ չենք եւ անպայման տեղացի հաշուապահ մը պէտք է ունենաս որպէսզի գործերդ կարգի   բերէ։

Այո, թերեւս քիչ մը երկար սպասեցինք մինչեւ այս քայլը առնենք, բայց այդ մէկը պայմանաւորուած էր այն հանգամանքով որ քաղաքը նոր էր մեզի համար, շուկային ծանօթ չէինք,  առաւել երբ  կը փորձէինք Երեւանի շուկան Հալէպի շուկային հետ համեմատել, անհամեմատելի էր, ինչը բնակչութեան թիւէն ելլելով՝ բնական է, բայց հիմա արդէն 3 տարի ետք աւելի լաւ սերտելով, որոշեցինք  ուղղակի փորձել: Այս վերջին դէպքերէն ետք մեր հայրենակիցներէն շատեր կ'ուզեն վերադառնալ իրենց հայրենիքը, յուսանք գաղթող բոլոր հայերը իսկապէս ետ իրենց երկիրը կը դառնան եւ Հայաստանի վիճակը ալ   դէպի    բարելաւում  կ՚ընթանայ։