Այսօր առաւօտեան Պոլսոյ «Օսման Պէյ» շրջանին մէջ տեղի ունեցած է ոգեկոչման հանդիսութիւն՝ նուիրուած Հրանդ Տինքի նահատակութեան 9-րդ տարելիցին, այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ այս հանդիպման ներկայ եղած են ինչպէս հայ, այնպաէս նաեւ տեղացի քիւրտ, թուրք, ալէվի աքթիւիսթներ եւ իրաւապաշտպաններ: Խօսքեր արտասանուած են տարբեր քաղաքական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու կողմէ:

«Արեւելք»ի ունեցած տեղեկութեան համաձայն, այսօր երեկոյեան Պոլսոյ ժամանակով ժամը 7:00-ին տեղի պիտի ունենայ հսկում, Հրանդ Տինքի հիմնադրած «Ակօս» պարբերականի գլխաւոր շէնքին մօտ:
