Էսէնլէր- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Կիրակի ուշ գիշեր PKK-ի մաս կազմող 15 դիմակաւաորուած զինեալներ Պոլսոյ Էսէնլէր շրջանին մէջ PKK-ամետ կարգախօսներ գոչելէ ետք Molotov տիպի ինքնաշէն ռումբեր արձակած եւ կրակի տուած են ինքնաշարժներ, որոնք կը գտնուէին հանրային տարածութեան՝ Պարպարոս պողոտային վրայ, այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Սապահ»ը: Թերթը կը հաղորդէ նաեւ, որ յարձակման հետեանքով վնասուած են երկու բեռնակառքեր, երկու ինքնաշարժներ եւ ATM-ի գործիք մը , ինչպէս նաեւ լսուած են կրակոցի ձայներ:Թերթը կը նշէ, որ PKK-ան կազմաւորուելով 1978թ.-ին մինչեւ վաղ 2000-ականները սկսած էր պայքարիլ թրքական կառավարութեան դէմ անկախ պետականութիւն ստեղծելու նպատակով, ապա ան իր նպատակը վերածած է քիւրտերով բնակուող շրջաններուն մէջ ինքնավար իշխանութեան պահանջքի: Ինչպէս նաեւ PKK-ան 2015-ի Յուլիսի 11-ին յայտարարած է, թէ բանտարկուած առաջնորդ Ապտուլլահ Օճալանի կողմէ 2013-ին հաղորդուած հրադադարի հռչակագիրը վերջ գտած է: