image

Փութինի համբերութիւնը «հատած է». Ինչի՞ մասին է խօսքը

Փութինի համբերութիւնը «հատած է». Ինչի՞ մասին է խօսքը

Ամերիկեան «Wall Street Journal» թերթը յօդուածով մը անդրադարձած է Միջին Արեւելքի մէջ իրանեան ազդեցութեան զգալի աճին, նշելով, որ այդ հանգամանքը իր երկու դաշնակիցներուն՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ անհանգստութիւն կը պատճառեն:

Թերթին կարծիքով, իրաքեան ընտրութիւններուն Մուքթատա Ալ Սատրի յաղթանակին արդիւնքով երեւան եկաւ շիիթ համայնքի հակակրանքը Իրանի նկատմամբ, մինչդեռ Սուրիոյ մէջ սկսած են մեղադրել իրանեան ուժերը երկրին մէջ կրօնական խտրականութեան ալիք բարձրացնելու մէջ, շեշտելով, որ Ռուսիոյ համբերութիւնն արդէն հատած է իրանեան զինուորական ուժի զգալի աճէն, զգուշացնելով, որ եթէ Իրան շարունակէ իր շահերը հետապնդել Սուրիոյ մէջ, կրնայ լուրջ խնդիրներու առջեւ կանգնիլ:

Թերթին համոզմամբ, Իրան այսօր կը ձգտի յանուն Սուրիոյ մէջ գրանցած իր նիւթական եւ մարդկային վնասներուն որպէս փոխհատուցում իր բաժին պտուղները քաղել սուրիական տարածքներէն: