image

Փութին եւ Քարտաշեան. Ի"նչ սպասել Երեւանի մէջ հոկտեմբերին

Փութին եւ Քարտաշեան. Ի"նչ սպասել Երեւանի մէջ հոկտեմբերին

2019 թուականի հոկտեմբերին Երեւանի մէջ չորս խոշոր միջազգային հաւաք տեղի պիտի ունենայ: Մետիամաքսը համառօտ պատմած է անոնց մասին:

 

Քաղաքական

1 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) Բարձրագոյն խորհուրդի նիստը, որուն պէտք է մասնակցին Ռուսաստանի, Պելառուսի, Ղազախստանի, Հայաստանի եւ Ղրղըզստանի ղեկավարներ: 

Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Հայաստանը առաջին անգամ պիտի հիւրընկալէ ԵՏՄ ղեկավարներուն: Վլատիմիր Փութինի Երեւան գալ-չգալու մասին բազմաթիւ ենթադրութիւններ եւ վարկածներ հնչած են ու կը հնչեն, սակայն իր վերջին մամուլի ասուլիսի ժամանակ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրկինն ըսած էր, որ իրենք կը պատրաստուին ՌԴ նախագահի այցին:

 

Վլադիմիր Պուտինը եւ Նիկոլ Փաշինյանը 2019թ. մայիսին

 

Կը նախատեսուի, որ Երեւանի մէջ ստորագրուի ԵՏՄ-ի եւ Սինկափուրի միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիի մասին համաձայնագիրը:

 

Տեղեկատուական թեխնոլոկիական

Հոկտեմբեր 6-էն 9-ը Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեղեկատուական թեխնոլոկիաներու համաշխարհային համաժողովը (World Congress on Information Technologies-WCIT)։

Կը սպասուի, որ Երեւան գան 2 000-է աւելի պատուիրակներ՝ 70 երկրէ:

Համաժողովի խօսնակներու ցանկը հասանելի է այս յղումով: Չնայած համաժողովին պիտի մասնակցին ՏՏ ոլորտի շատ յայտնի ներկայացուցիչներ, Հայաստանի մէջ ամէնէն շատ կը սպասեն Քիմ Քարտաշեանին: 

 

Քիմ Քարդաշյանը

 

Ան հանդէս պիտի գայ «Գաղափարներու շուկայ» լիագումար նիստին, ուր պիտի խօսուի այն մասին, թէ ապակեդրոնացուած թեխնոլոկիաները որքանով կը նպաստեն ժամանցի, մետիայի եւ լրագրութեան ոլորտներու ժողովրդայնացման:

Յիշեցնենք, որ Քիմ Քարտաշեանը Հայաստան այցելած է 2015 թուականի գարնան, եւ այդ այցը իսկական իրարանցում առաջացուցած էր:

 

Համամարդկային

Հոկտեմբեր 14-էն 21-ը Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Աւրորա» ֆորումը:

Այն պիտի միաւորէ մարդասիրական, ընկերային, կրթական եւ գիտաթեխնիքական նորարարութեան ոլորտներու առաջատար մասնագէտները։

 

«Ավրորա»-ի համահիմնադիր Ռուբեն Վարդանյանը

 

Ծրագիրը պիտի ներառէ «Աւրորա» մրցանակի շնորհման արարողութիւնը, FAST հիմնադրամի երկրորդ համաշխարհային նորարարութեան ֆորումը, կրթական ֆորումը եւ բաց դասախօսութիւններ՝ ի նշանաւորումն UWC Դիլիջան քոլեճի հնգամեակի, կլոր սեղան-քննարկումներ եւ մշակութային միջոցառումներ։  

 

Կրթական

Հոկտեմբերի 20-է 23-ը Երեւանի մէջ պիտի կայանայ «Կրթութիւն բոլորի համար» (Teach for All) միջազգային ցանցի ամենամեայ համաժողովը։ 

 

Teach for All-ի հիմնադիր եւ նախագահ Վենդի Քոփը

 

Եռօրեայ համաժողովի ընթացքին 400 մասնակիցները պիտի խօսին «Ինչպէ՞ս նախապատրաստել աշակերտները յարափոփոխ աշխարհի կերտման» թեմայով: