Արցախ- Ինչպէս նախօրօք հաղորդած էինք, Արցախի մէջ ընթացք առած «Ֆրանսայի Օրեր» միջոցառումներու ծիրին մէջ երէկ գիշեր Ստեփանակետի մէջ համերգ տուած Ֆրանսահայ երգիչ ՝ Փաթրիք Ֆիորին Շուշիի մէջ մասնակցած է ծառատնկման արարողութեան: Այս մասին հաղորդեց Karapagh open կայքը, որ նաեւ հաղորդեց, որ Ֆիորի պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն ըսած է, թէ «ինչպէս գիտէք իմ հայրը հայ է եւ ես մանուկ հասակէս վարժ եղած եմ հողին մէջ ծառ տնկելու»: Ֆիորի նաեւ հիացմունք արտայայտած է Ղարաբաղցիներու իրենց երկրի վերականգնման համար գործադրած ճիգին ի տես: Ան այս առումով ըսած է« Ղարաբաղցիներու ոչ միայն Շուշին այլ ամբողջ Ղարաբաղը վերականգնելու ճիգը կը ջերմացնէ իմ սիրտը: Դուք հզօր էք» ըսած է Ֆիորի: Նշենք, որ աշխարհառչակ երգիչին բուն անունն է ՝ Փաթրիք Ժան Ֆրանսուա Շուշայեան: Ան իր ազգանունին մասին խօսելով ըսած է,«թէեւ ստոյգ տեղեկութիւններ չունիմ իմ արմատներուս Շուշիէն ըլլալուն մասին սակայն շատ ուրախ պիտի ըլլայի, եթէ այդ մէկը իրականութիւն ըլլար» ըսած է Ֆիորի: Նշենք, որ ան այսօր Շուշիի մէջ մասնակցած է «Խաղաղութեան ծառուղի»ին մէջ տեղի ունեցած ծառատնկումին: