Փիլիսոփայութեան դասախօս Ժերար Մալխասեան, որ արդէն որոշ ատենէ ի վեր պարբերաբար կը կազմակերպէ գրական հանդիպումներ, Փարիզի Հայ Ուսանողներու Տան մէջ, «Սրահի դասախօսութիւնները» ընդհանուր խորագրին տակ , Հինգշաբթի, Յունուար 27ի երեկոյեան, անոր նախագիծի հերթական հիւրը եղած է Հերվէ Ժորժըլէն, հարազատ ֆրանսացի մը որ հմտացած է յունարէնի եւ հայերէնի մէջ, տուեալ լեզուներէն դէպի ֆրանսերէն գրական թարգմանութիւններ կատարելու աստիճան:
Հայ գրականութեան վերաբերեալ , անոր կը պարտինք Արամ Անտոնեանի «En ces sombres jours» - «Այն սեւ օրերուն» (2007) եւ «Sur la route de l'Exil» «Աքսորի ճամբուն վրայ» (2013), Զաւէն Պիպէռեանի «Le crépuscule des fourmis» - «Մրջիւններու վերջալոյսը» (2012) եւ ներկայիս ալ «La Traînée» - «Լկրտածը» (Նոյեմբեր 2015) հատորներու թարգմանութիւնները, որոնք բոլորն ալ լոյս տեսած՝ MētisPresses հրատարակչատունէն:
Երեկոյթին ներկայացուածը վերջին՝ «Լկրտածը» վէպին թարգմանութիւնն էր: Շուրջ երեք տասնեակ գրասէրներու կոկոկ լսարանին առջեւ բացման խօսքը արտասանած է Ժերար Մալխասեան: Ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք գիրքին հեղինակ Զաւէն Պիպէռեանը, ինչպէս նաեւ օրուան հիւրը եւ իր գործունէութիւնը, խօսքը փոխանցած է Հերվէ Ժորժըլէնին: Ան նախ մանրամասնօրէն ներկայացուցած է Պիպէռեանի գրականութիւնը եւ մասնւորապէս անոր «Լկրտածը» (1959) գիրքը, որու նիւթը կը զարգանայ 1950ականներու Պոլսոյ մէջ, քաղաքին մնացեալէն գրեթէ կղզիացած՝ ասիական ափի արդիական Մոտա թաղամասին մէջ:
Ժորժըլէն անցնելով «Լկրտածը»ի պատմութեան, ըսած է թէ անոր առանցքը կը կազմեն հայ եւ թուրք ընտանիքներու զուգահեռը, անոնց մեծ նմանութիւնները բայց նաեւ տարբերութիւնները. հոն վեր կը հանուին քաղաքական-ընկերային հարցեր: Բանախօսը ներկայացուցած է վէպին կարեւոր դէմքերը, Գրիգորը, Երանիկը, Փուփուլը, Քեազըմ Պէյը եւ լկրտած՝ Կիւլկիւնը, որ «կ՚ապրի» Լիզ Թէյլըրի մորթին մէջ եւ բոլորովին կորսուած էակ մըն է խառնափնթոր այդ ընկերութեան մէջ:
Աւարտին, «Լկրտածը» վէպէն հատուածներ ընթերցած են Վարվառա Պասմաճեան հայերէնով եւ ինք՝ Հերվէ Ժորժըլէն ֆրանսերէնով:
Թարգմանիչը իր հետ բերած էր Պիպէռեանի՝ իր թարգմանած զոյգ հատորներէն օրինակներ, որոնք վաճառքի դրուած էին անոնց համար, որոնք պիտի փափաքէին իրենց հետ տանիլ պճեղ մը կեանք Պոլսոյ հի՜ն օրերէն: