image
Հրատապ լուրեր:

Փարիզի Մէջ Հայկական Գործարար Գործակալութեան Մը Հիմը Պիտի Դրուի

Փարիզի Մէջ Հայկական Գործարար Գործակալութեան Մը Հիմը Պիտի Դրուի

Փարիզի մէջ, 16 Ապրիլի 2016-ին Westin Paris-Vendôme հիւրանոցէն ներս տեղի պիտի ունենայ Հայկական-միջազգային գործարար համաժողովը, որու նպատակը պիտի ըլլայ ամբողջ աշխարհի հայերու միջեւ գործարար յարաբերութիւններուն նոր որակ տալը:Համաժողովին պիտի մասնակցին քսան տարբեր երկիրներէ ժամանած գործարարներ:

 Համաժողովի ծիրէն ներս, յաջող փորձով եւ պատմութեամբ աւելի քան հարիւր գործարարներ պիտի հանդիպին Փարիզի մէջ հիմը դնելու Հայկական Գործարար Գործակալութեան «Armenian Business Agency», որ պիտի սկսի գործել Փարիզի մէջ համաժողովի յաջորդ աշխատանքային օրն իսկ՝ Ապրիլ 18-ին:

Այս գործակալութիւնը բաց պիտի ըլլայ բոլորի համար՝ թէ՛ անհատներուև թէ՛ ընկերութիւններու, քանի որ մեծերն ու նուազ մեծերը, ծրագիրներու հեղինակներն ու ներդրողները միասին հայ գործարար համայնքը աւելի կազմակերպուած եւ հզօր կրնան դարձնել:

Իր տեսակի մէջ առաջին հայկական այս կառոյցի, գործարար աշխարհին նուիրուած գրասենեակի նպատակն է աշխատիլ տարբեր զարգացման նախագիծերու վրայ, ստեղծել աշխարհի մէջ գործող հայ գործարար անհատներու պազան, ամրացնել անոնց ցանցը, ստեղծել համագործակցութեան առիթներ, նպաստել նոր կամ արդեն գոյութիւն ունեցող գործարար ծրագիրներու զարգացման, գտնել անհրաժեշտ ֆինանսաւորում, ինչպէս նաեւ նոր գործարար հնարաւորութիւններ առաջարկել ձեռնարկատերերուն՝ տարբեր ոլորտներու ու աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ:

Փարիզի Հայկական-Միջազգային Գործարար Համաժողովը եւ Հայկական Բիզնես Գործակալութիւնը -Armenian Business Agency- այս ծրագրի միջոցաւ պիտի նպաստեն եւ անհատական՝ պիզնեսի, եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի համայնքներու զարգացման: