Փարիզի ոստիկանութիւնը բերման հրամանագիր հրապարակած է Ապտըլ Սալամ Սալէհ անունով կասկածելիի մը դէմ: Ոստիկանութիւնը, որ այս մասին յայտնած է իր Twitter-եան էջով, քաղաքացիներէն պահանջած է զգուշ մնալ եւ մեղադրեալին մասին տեղեկութիւններ ունենալու պարագային արագօրէն դիմել ոստիկանական կեդրոններէն մին: Նշենք, որ Սալէհ կը մեղադրուի Փարիզի ահաբեկչութեան գլխաւոր հեղինակն ու կազմակերպիչը ըլլալու յանցանքով, եւ ան Պէլճիքա ծնած ֆրանսահպատակ մըն է: Փարիզը հարուածած աննախընթաց ահաբեկչութեան հետեւանքով 132 անձեր զոհուած էին: Ահաբեկչութիւնը արժանացած էր միջազգային տարբեր պատասխանատու մարմիններու եւ առաջնորդներու խստիւ դատապարտման: