Փարիզ- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Պուլկարիոյ վարչապետ Շարլ Միշէլ երէկ յայտարարած է, որ Պրիւքսէլի Մոնլպիք թաղամասին մէջ, ոստիկանութեան կողմէ երեք կասկածեալներ ձերբակալուած են, որոնց շարքին եղած է 2015-ի նոյեմբերին Փարիզի յարձակումներուն գլխաւոր մեղադրեալը: Այս մասին կը փոխանցէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ Պէլճիքայի վարչապետը Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտին հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է. «Այս մէկը շատ կարեւոր արդիւնք է յանուն ժողովրդավարութեան մեր տարած պայքարին համար, ինչպէս նաեւ մարդկային այն արժէքներուն, որոնք կը փորձենք մարմնաւորել ի դէմս այս տգեղ եւ խաւարամիտ միտքերուն»:
Միւս կողմէ ֆրանսական ոստիկանական աղբիւրներ հաղորդած են, որ Պելճիքայի ոստիկանութիւնը կրցած էր ձերբակալել Սալահ Ապտըլ Սալամին, որ կը նկատուէր Ֆրանսայի ժամանակակից պատմութեան մէջ Փարիզի վրայ կատարուած վերջին ամենադաժան յարձակումներուն գլխաւոր մեղադրեալը, որուն զոհ գացած էր 130 մարդ: Ըստ անվտանգութեան աղբիւրներու, Ապտըլ Սալամ վիրաւորուած էր ոստիկանութեան կողմէ Մոնլպիք թաղամասին վրայ իրականացուած ներխուժման ընթացքին: Կ'ենթադրուի նաեւ, որ Ապտըլ Սալամ ( 26 տարեկան), Փարիզի յառձակումներուն առանցքային դեր խաղցած է՝ մատկարարաման առումով, սակայն յարձակումէն ետք իր ընկերներու օգնութեամբ Փարէզէն փախուստի դիմելով անհետացած էր: