image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի Մէջ Տեղի Ունեցած է Հանգուցեալ Բանաստեղծ Պէպօ Սիմոնեանի Նորատիպ Հատորին Շնորհահանդէսը

Պէյրութի  Մէջ Տեղի  Ունեցած է  Հանգուցեալ  Բանաստեղծ Պէպօ Սիմոնեանի Նորատիպ Հատորին Շնորհահանդէսը

Ուրբաթ, 29 Յունուար 2016-ի երեկոյեան, Հ.Կ.Բ.Մ.-ի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի ՙԱրմէն եւ Բերսաբէ Ճէրէճեան՚ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական-մշակութային պատկառելի ձեռնարկ մը` կատարելու շնորհահանդէսը Պէպօ Սիմոնեանի «Գմբէթ Արեգ» նորատիպին եւ այս առիթով յուշածելու անթառամ յիշատակը բանաստեղծին:

  Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան կազմակերպութեամբ իրագործուած ձեռնարկին ներկաներէն էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վեհափառ Արամ Ա.ի ներկայացուցիչ` Գեր. Նորայր Եպս. Աշըգեան, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան ներկայացուցիչ` Գերապատիւ Հայր Խաչիկ Գույումճեան, Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, պետական երեսփոխան Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան, Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Կիրակոս Թիւթիւնճեան եւ անդամներ, Պէյրութի քաղաքապետութեան անդամ Արամ Մալեան« լիբանանահայ մտաւորականութեան մեծ թիւով ներկայացուցիչներ, գրասէրներ, նախկին սահակեանցիներ, բարեկամներ ու հայրենակիցներ:

  Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք յանուն կազմակերպիչ միութեան խօսք առաւ ՙԱրարատ՚ օրաթերթի տնօրէնուհի տիկ. Անի Եփրեմեան, որ ըսաւ. ՙԲարձրագոռ շեփորումներով, մեծաշռինդ աղաղակներով չէ՛ որ այսօր կու տանք մեր սիրտի տուրքը հայ գրականութեան ազնուական, խոնարհ քուրմի մը, որ յանուն հայեցի դաստիարակութեան գործին պարտասիլն հեգնող եւ Մեսրոպի հզօր բարբառն ու ոգին աւանդող հայ քերթողի մը, որ նո՛յն այս նուիրական օճախի` Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի յարկին տակ, տասնամեակներ ամբողջ ծառայեց իբրեւ արիասիրտ դաստիարակ, ներհուն տնօրէն, վաստակաշատ կրթական մշակ եւ մանաւանդ` հայ գրականութեան եւ հայոց լեզուի ու պատմութեան հմտալից ուսուցիչ` բազմաթիւ հայ սերունդներ հասցնելով՚: Ապա ան նշեց. ՙԱրեւմտահայ մեր անճիտուած գրագէտներուն Մեծ Երազին ճամբայէն ընթանալով ու արեւմտահայ գրականութեան աւիշէն ըմպելով, Պէպօ Սիմոնեան բանաստեղծ-գրականագէտը հանդիսացաւ արեւմտահայ լեզուի այն ճարտար դարբիններէն, որ մեր բանաստեղծութեան ե՛ւ արձակին դաշխուրան առ դաշխուրան բերաւ ու նորովի զարգացուց արեւմտահայերէնի ոսկեցոլուն բերկրանքը, տարագեղ խայտանքը, դասական ու փարթամ, այլեւ ոգեհմայ բառապաշարը, այդ բոլորը տաղաւարելով մեր ընկալչութեանց ներսը՚: Ան շարունակեց` հաստատելով. ՙԱռաւե՛լ այս բոլորին ու կարեւոր ընդգծումով մը պիտի ըսել, որ Պէպօ Սիմոնեան ամբողջական մտաւորականին, բանաստեղծին հետ ե՛ւ մէջ աւելի քան կէս դար հաւատարմօրէն ապրեցաւ Տիւսաբներու տինամիզմով, Սիպիլներու հայաշունչ սարսուռով հատորներու եկած այն կրթանուէր մտաւորական կինը, որ զօրավիգ ու նեցուկ իր կեանքի ընկերոջ, տուաւ ապացոյցը հայ կնոջ իրաւապաշտպանութեան նուիրուած հայուհիի` յանձին հարկաւ տիկ. Ազատուհի Սաչեան-Սիմոնեանին, որուն հետեւողական աշխատանքով, հոգածու համբերութեամբ, ինչպէս նաեւ նեցուկովը անոր երկու որդիներուն` Տիգրանին եւ Ռազմիկին, Պէպօ Սիմոնեանի յետմահու լոյսի բարիքին եկած ՙԳմբէթ Արեգ՚ խորագրեալ բանաստեղծութիւններու հատորի շնորհահանդէսն է որ կ'իրականացնենք այս երեկոյ՚: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ հատորին մեկենաս` ճարտարագէտ Գրիգոր Գասեմճեանին:

  Ապա, որպէս օրուան անակնկալ, ան բեմ հրաւիրեց Պէպօ Սիմոնեանի անդրանիկ թոռնը` Արեգ-Պետրոս Գալայճեանը կարդալու իր մեծ հօր քերթուածներէն նմոյշներ, որոնք ընկալուեցան ջերմ ծափողջոյններով:

  Օրուան առաջին բանախօսն էր գրականագէտ, ուսուցիչ, ծանօթ մտաւորական դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, որ որպէս ՙԳոյի խուզարկու՚ ներկայացուց Պէպօ Սիմոնեանը, բանաստեղծին ներաշխարհը, անոր խոր ապրումներն ու զգացական ալեբախումները: Դիպուկ մէջբերումներով ան վեր առաւ ՙԳմբէթ Արեգ՚ նորատիպին յատկանշական գիծերը. գրականագէտի հմտութեամբ վերլուծեց Պէպօ Սիմոնեան բանաստեղծն ու գրագէտը: (Խօսքը պիտի ներկայացնենք մեր յառաջիկայ թիւերուն):

  Որմէ ետք տիկ. Անի Եփրեմեան ներշնչեալ ոգիով ընթերցեց Պէպօ Սիմոնեանի ՙՄութ Խորան՚ քերթուածը:

  Օրուան երկրորդ բանախօսն էր, Կիպրոսէն յատկապէս հրաւիրուած հրապարակագիր, Պէպօ Սիմոնեանի սաներէն Աւետիս Ռազմիկ (Փոշօղլեան), որ կենդանացնելով Պէպօ Սիմոնեանի ամբողջական տիպարը` զայն ներկայացուց որպէս տնօրէն, գրող, կուսակցական-հասարակական գործիչ, հրապարակագիր եւ մանաւանդ գիրքի ու գրականութեան մոլեռանդ սիրահար: Ան հարազատօրէն եւ որպէս վկայ դրուատեց մեծարեալը որպէս մարդկանց յիշողութեանց մէջ դրոշմուած անմոռաց անձնաւորութիւն: (Խօսքը պիտի տանք առանձին` մեր յաջորդ թիւով):

  Ապա գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Ալեք եւ Առէն Տօներեաններ, որոնք դաշնամուրի եւ ջութակի վրայ հրամցուցին երաժշտական ախորժալուր կտոր մը: Որմէ ետք սրտի խօսք արտասանեց ՙԳմբէթ Արեգ՚ հատորին մեկենաս, Պէպօ Սիմոնեանի աշակերտներէն Գրիգոր Գասեմճեան, որ նշեց թէ ան մեծարեալը կը յիշէ թիթեղաշէն Սահակեանի օրերէն, թէ ինչպէս ան հայոց լեզուն կը փորձէր սիրել տալ աշակերտներուն, բազմաթիւ բառեր եւ դրական յիշողութիւններ անմահացած են աշակերտներու միտքին վրայ, որոնց շարքին ՙխարսխել՚ բայը իր խորիմաստ նշանակութեամբ: Անոր խօսքը երախտագէտ ու հարազատ սանի մը անկեղծ արտայայտութիւն էր:

  Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ Գերաշնորհ Նորայր Եպս. Աշըգեան, որ վեր առաւ Պէպօ Սիմոնեանի տիպարը որպէս կրթական մշակ, ծառայասէր ու նուիրեալ անձնաւորութիւն, շեշտելով որ նման անձնդիր մարդոց կարիքը հետզհետէ առաւել կը զգացուի: Այնուհետեւ ՙՊահպանիչ՚ով վերջ գտաւ գրական անմոռանալի այդ երեկոն: Նշենք որ բեմը դարձած էր առաւել խորհրդաւոր Պէպօ Սիմոնեանի լուսանկարով` կատարուած արուեստագէտ լուսանկարիչ Վարուժան Սէթեանի կողմէ (սիրայօժար տրամադրուած իր քրոջ Զարուհի Ստեփանեանի միջոցաւ):

  Գրական երեկոյէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ նորատիպէն տրամադրուեցաւ փափաքողներուն:

 Նիւթի  աղբիւրը ՝  «Արարատ»  Օրաթերթ