image

Պէյրութահայ բանաստեղծ Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» երկհատորեակի ներկայացում ՝ Երեւանի մէջ (Լուսանկարներ)

Պէյրութահայ   բանաստեղծ   Խաչիկ Տէտէեանի   «Երազէն Անդին» երկհատորեակի  ներկայացում ՝ Երեւանի  մէջ (Լուսանկարներ)

Կազմակերպութեամբ՝ «Զանգակ»   հրատարակչատան  եւ  ներկայութեամբ՝ հեղինակին, ուրբաթ 21 Մայիս, 2021-ի երեկոյեան, Երեւանի Աբովեան փողոցի վրայ գտնուող Զանգակ գրատան մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը պէյրութահայ բանաստեղծ՝ Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» նորատիպ  երկհատորեակին:

 

 

   Նշենք, որ հանդիսութեան ներկայ էին այս օրերուն Երեւան գտնուող լիբանանահայ խումբ մը գործիչներ, ինչպէս նաեւ Խաչիկ Տէտէեանի անուան եւ վաստակին ծանօթ հայրենի մտաւորականներ ու գրողներ:

Հանդիսութեան բացումը կատարեց հայրենի գրականագէտ՝ Եուրա Խաչատրեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց որ Խաչիկ Տէտէեանը եղած է հաւատարիմ հայ բանաստեղծութեան ակունքներուն, երբեք չէ դաւաճանած հայ տիպ ու տառի սկզբունքներուն եւ անոր խօսքը միշտ ալ եղած է հասանելի, դիւրընկալելի եւ պարզ ու վճիտ:

Հանդիսութեան առաջին բաժնի ընթացքին, ներկաները ըմբոշխնեցին Խաչիկ Տէտէեանի տիկնոջ՝ Իրմա Գապագեան Տէտէեանի    կատարումով  փունջ մը բանաստեղծութիւններ, որոնց միջոցաւ լիբանանահայ յայտնի ասմունքողը ներկաներուն յաջողեցաւ հաղորդել Տէտէեանի բանաստեղծութիւններուն ոգին եւ ընդհանուր տրամադրութիւնը:

Ապա լիբանանահայ բանաստեղծ՝ Լեւոն Արտազեան ընթերցեց Խաչիկ Տէտէեանի վաստակի մասին հակիրճ սրտի խօսք մը, որ այս առթիւ պատրաստուած էր լիբանանահայ մտաւորական ` Ժիրայր Դանիէլեանի կողմէ, որ յարգելի պատճառներու բերումով չկարողացաւ միջոցառման ներկայ  գտնուիլ:

Ժիրայր Դանիէլեանի խօսքէն մասնաւորապէս կը կարդանք՝ «Կազմաւորուած երիտասարդ բանաստեղծ Խաչիկի առաջին քերթողագիրքը լոյսին կու գայ 2003-ին: Երկրորդը՝ 2008-ին, երրորդը՝ 2012-ին:

Ուշադրութիւն դարձուցէք երեքի խորագիրներուն.

- «Ուղեւորութիւն դէպի անծանօթը»

- «Դարասկիզբի մտորումներ»

- «Խենթ գիշերներու թափառումներ»:

Ինչպէս այս խորագիրները ցոյց կու տան՝ Խաչիկը սանձարձակութիւններու մարդը չէ, այլ՝ նոյնիսկ սիրային բնոյթի քերթուածներուն մէջ՝ բանստեղծը զուսպ է, կը սանձէ յոյզերու եւ զգացումներու վարար հոսքը՝ իր յօրինումները ենթարկելով առողջ իմացականութեան, մտքի հակակշիռին, առանց արուեստակեալ, բռնազբօսիկ մարզանքներու զոհ դարձնելու զանոնք: Խոհը, խոհերը տիրապետող են իր քերթուածներուն մէջ:

Լեզուն՝ պարզ, միտքերը՝ յստակ, մանուածապատ շարահիւսութենէ եւ ոճէ՝ զերծ: Ընթերցողը, միջին ընթերցողը ոչ մէկ դժուարութեան կը բախի, հասկնալու համար գրուածը, ընկալելու համար պատգամը, զոր բանաստեղծը կը փորձէ փոխանցել իրեն:

21-րդ  դարու բարդ ու անհասանելի երեւոյթներու, անծանօթ հորիզոններու, յաճախ քարանձաւային թանձր խաւարով շղթայուած անբացատրելի իրադարձութիւններու դէմ յանդիման, բանաստեղծը կը լարէ իր դատողութիւնը եւ կը փորձէ հնարաւորին չափ ցրուել խաւարէն յառաջացած խիտ մշուշը»:

Դանիէլեանի խօսքէն ետք, ներկաներուն իր «բանաստեղծի խօսք»ը յղեց հայրենի բանաստեղծ՝ Արթուր Անդրանիկեան, որ իր խօսքին ընթացքին շեշտաւորեց, որ արեւմտահայ լեզուն անմասն մասնիկն է Հայաստանի մէջ պետական լեզու համարուող հայերէն լեզուին, հետեւաբար նաեւ Երեւանի մէջ եւ Հայաստանի մէջ առհասարակ արեւմտահայերէնը պէտք է ըլլայ տարածուն եւ հասանելի լեզու: Անդրանիկեան նաեւ սեղմ տողերու մէջ փոխանցեց Խաչիկ Տէտէեանի բանաստեղծութեան ընդհանուր մթնոլորտը, շեշտը դնելով հայրենիքէն հեռու ապրող, սակայն հայրենիքով ապրող բանաստեղծի ներկայութեան՝ Խաչիկ Տէտէեանի տողերուն մէջ: Ան նաեւ մեծապէս կարեւորեց Խաչիկ Տէտէեանի բերած աւանդը, նշելով, որ սփիւռքեան դառն ու դժուարին պայմաններուն մէջ Տէտէեան կը շարունակէ կառչած մնալ գիրի ու գրականութեան իր նուիրական առաքելութեան:

Արթուր Անդրանիկեանի խօսքէն ետք, «Արեւելք» թերթի տնօրէն՝ Սագօ Արեան, կարճ խօսքով մը հանդէս գալով, նշեց, որ Խաչիկ Տէտէեան եղաւ  անոնցմէ, որ երբեք չդաւաճանեցին  իրենց բանաստեղծական  ներաշխարհին եւ հակառակ տարբեր պայմաններու   ու տարբեր դժուարութիւններու, կառչած մնաց բանաստեղծի իր կոչումին: Ան նաեւ մտորեց, որ Տէտէեանի բանաստեղծութեան մէջ ամէնէն մեծ յատկանիշը եւ նուիրական ընկալումը անոր բարութիւնն է եւ ազնուութիւնը, նկատել տալով նաեւ, որ սփիւռքի հայոց հոգեւոր մայրաքաղաք՝ Անթիլիասի մէջ գործող Տէտէեանի գիրին մէջ մեծ է ներկայութիւնը քրիստոնէական աւանդներուն, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ  տրոփին ձայնը կայ անոր տողերուն  մէջ։

Սագօ Արեանի խօսքէն ետք հակիրճ խօսքով մը հանդէս եկաւ ՀՀ ԳԱԱ ակադեմիկոս, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, պրոֆեսոր,  ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն՝ Աշոտ Մելքոնեան, որ նկատել տուաւ, թէ Խաչիկ Տէտէեանը ճանչնալու համար նաեւ պէտք է ճանչնալ իր ընտանիքը, որովհետեւ ան իր տիկնոջ ու զաւակներուն հետ կարողացած է դառնալ օրինակելի տիպար հայ անձ, որ կ'ապրի հայրինիքի սիրով, հայրենիքի տագնապներով ու Հայաստանը դարձուցած է ամէնօրեայ ապրումի նշխար եւ ակունք:

Վերջին խօսքը բանաստեղծ Խաչիկ Տէտէեանինն էր, որ ներկաներուն դիմելով նշեց, որ իր համար ինչպէս երէկ, այսօր եւ վաղը հայրենիքը պիտի մնայ բոլոր մղումներէն վեր տեսադաշտ մը եւ հակառակ որ ան սփիւռքի մէջ կը գործէ ու կը ստեղծագործէ, իր հայեացքը միշտ ուղղուած է դէպի Հայաստան: Տէտէեան նաեւ շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց այս ձեռնարկը կազմակերպողներուն, ինչպէս նաեւ Զանգակ գրատան տնօրէնութեան, որուն շնորհիւ ալ անոր հատորները ներկայացուեցան հայրենի ընթերցողի դատին եւ սկսան տարածուիլ ողջ Հայաստանով մէկ:

Տէտէեան   շնորհակալութեան  յատուկ խօսք ուղղեց    այս միչոցառումը յղացողներուն՝  «Ազդակ»ի   տնօրէն՝  Շահան Գանտահարեանին,  գրականագէտ  Եուրի  Խաչատրեանին,  «Զանգակ» հրատարակչատան, ինչպէս  նաեւ   միջոցառման ընթացքին խօսք  արտասանողներուն։

Հանդիսութեան աւարտին, Տէտէեան մակագրեց իր հատորները եւ այդ հատորներէն  նուիրեց՝  փափաքողներուն: