image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի ջուրերուն կազի պաշարները ռուսներո՞ւն թէ ամերիկացիներուն

Պէյրութի   ջուրերուն  կազի պաշարները ռուսներո՞ւն թէ ամերիկացիներուն

Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ մեծապէս պիտի օգտուին  լիբանանանեան ջուրերուն մէջ եղող կազի պաշարներէն:  Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ  Al.Jadeed  կայանը: Աղբիւրը, որ  շատ  քիչ  մանրամասնութիւններ  կը փոխանցէ  եղած   գործարքներուն  մասին, նաեւ կը հաւաստէ, որ վերջերս   այդ խնդրին  շուրջ յայտնի դարձած Աուն-Պըրրի համաձայնութիւնները կապ ունին «դուրսէն» եղած  ճնշումներու հետ: Աղբիւրը   «Ալ Ախպար» օրաթերթէն  առնելով իր տեղեկութիւնները, կը հաղորդէ նաեւ, որ Լիբանանի Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ վերջերս կը գտնուէր Մոսկուա, եւ ան ռուսներուն հետ կարեւոր համաձայնութիւններ գոյացուցած է կապուած լիբանանեան ջուրերուն մէջ  գտնուող կազի  մեծ  պաշարներուն: Կը հաղորդուի նաեւ, որ այս «սառած»  համարուած թղթածրարին տեղէն շարժելուն մէջ մեծ  դեր ունի ամերիկեան կողմը, որուն ելեւմտական մէկէ աւելի պատասխանատուներ հերթաբար Պէյրութ այցելած էին: Ամերիկեան նաւթային ընկերութիւններու համաձայն  Պէյրութի ջուրերուն մէջ եղած կազի պաշարները մեծ գումարներ կրնան ապահովել, եթէ    նաւթահանման  ընկերութիւններ սկսին այդ  կազմը   արտահանել: Լիբանանի մէջ տնտեսական ցանկացած  մեծ  գործարք  պայմանաւորուած է   ներ- քաղաքական համաձայնութեամբ  եւ  անցնող օրերուն այդ է, որ  տեղի կ'ունենայ  Պէյրութի  մէջ: