image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի առաջին շրջանի դաշինքներն իրենց վերջնական տեսքը դեռ չեն ստացած. Նախարար Ֆարհոն

Պէյրութի առաջին շրջանի դաշինքներն իրենց վերջնական տեսքը դեռ չեն ստացած. Նախարար Ֆարհոն

Պետական ծրագրաւորումի  Լիբանանի նախարար Միշէլ Ֆարհոն դիտել տուած է, որ Պէյրութի առաջին շրջանի դաշիքները տակաւին իրենց վերջնական տեսքը չեն ստացած, միաժամանակ շեշտելով, որ ընտրութիւններն իրենց որոշուած ժամկէտին պիտի կայանան, հակառակ յետաձգուելուն շուրջ տարածուած տարաձայնութիւններուն:

«Lebanon 24» կայքին փոխանցմամբ, Ֆարհոն յայտնած է, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Քաթայէպի հետ իրենց կազմելիք ցուցակը 14 մարտի ուժերու սկզբունքներուն վրայ հիմնուած պիտի ըլլայ, իսկ 14 մարտի տարբեր ուժերուն, եւ մանաւանդ Մուսթաքպալի հետ անմիջական կապը պահպանուած է, մինչդեռ քաղաքական միւս ուժերուն հետ կապը չի հատեր երկխօսութեան սահմանը:

Ֆարհոնի կարծիքով, Մուսթաքպալը 14 մարտի ցուցակին մէջ ընդգրկելն առաւել տրամաբանական է, քան մրցակից համարուող Ազատ ազգայնականներու ցուցակին մէջ:

Նախարարը նշած է նաեւ, որ ըստ ընտրութիւններու նոր օրէնքին, որոշ թեկնածուներ իրաւունք պիտի ունենան իրենց համակիրներու ձայներուն շնորհիւ յաղթելու, անկախ կազմուած դաշինքներէն: Ան միաժամանակ կոչ ուղղած է ընտրութիւններու արդիւնքներն ընդունիլ այնպէս, ինչպէս որ են, որովհետեւ Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութեան հաստատումը ամէն բանէ վեր է: