ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը կը նախատեսէ թոքերու արհեստական օդափոխութեան եւս 11 սարք ձեռք բերել։ «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն՝ ԱԺ արտահերթ նիստի ժամանակ հանրապետութեան մէջ արտակարգ դրութիւն հաստատելու մասին նախագծի քննարման ժամանակ՝ պատասխանելով «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Լուսինէ Բադալեանի հարցին, թէ երկրին մէջ թոքերու արհեստական օդափոխութեան քա՞նի սարք կայ եւ արդեօք անոնք բաւարար են։
«Երկրին մէջ այս պահուն կայ 360 սարք, 11 հատ ձեռք պիտի բերենք, Նորքի հիւանդանոցին մէջ պատրաստած կայ 15 հատ։ Այս գործընթացը պիտի ըլլայ շարունակական։ Երկրին մէջ ճգնաժամ չէ, չէ ստեղծուած այնպիսի իրավիճակ, որ մենք այդ սարքերու կարիքն ունենանք։ 30 «Քորոնա» ժահրով ախտորոշուած դէպքէն ունինք ընդամէնը 2 հոգի, որոնք թոքաբորբ ունին, եւ անոնցմէ մէկը կը գտնուի ռիսքային խումբի մէջ»,- նշած է Փաշինեանը։
Անոր խօսքով՝ մինչ այս պահը չէ եղած եւ հիմա ալ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ չկայ թոքերու արհեստական օդափոխութեան սարքի խնդիր։